image

Ընթերցումներս. Սակաւաբանութիւն (9). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Սակաւաբանութիւն (9). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս (48) 

 

Անհատական սակաւաբանութիւն (բ)

 

  1. Սակաւաբանութեան մերժելի նմուշներ են հետեւեալները, որոնք սակաւաբանութեան շարաշահութիւնն են. 

--Էլիզապեթի ընտանիքը հարուստ էր, դրամատուն, հանքեր, հողեր՝ Ամերիկաներ, Ափրիկէ (Յ. Պալեան, «Ամերիկա», էջ 88):

Գոնէ էր-ին քով միջակէտ մը դրուած ըլլար:

Արդարեւ, հատուածը  պէտք է  կարդացուի կամ հասկցուի սա՛պէս.

--«Էլիզապէթի ընտանիքը հարուստ էր. ան ունէր դրամատուն, հանքեր ու հողեր՝ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներու  եւ Ափրիկէի մէջ»:

--Անոնցմէ մին բազմաճիւղ էր, բնակութեան շէնքեր, գործարաններ, ճանապարհներ, կամուրջներ (անդ, էջ 60):

Նոյն նկատողութիւնը. գոնէ միջակէտ մը դրուած ըլլար էր-ին քով:

Գիրքին բովանդակութենէն կը դատենք, որ այս հատուածը կ’ակնարկէ  ճարտարապետական բազմաճիւղ ընկերութեան մը, որ կը կառուցէ  շէնքեր, գործարաններ, ճանապարհներ ու կամուրջներ:

Եւ վերջապէս. 

--Ադրպեջանական զինուժի կողմից ձեռնարկուել են ութ հետախուզական փորձեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուել են եւ կորուստներ կրելով յետ են շպրտուել» («Հետք.ամ», 21-1-15): 

Սա կը ձեւացնէ համաստորադասական բարդ նախադասութիւն մը, որուն երկու ստորադաս բաղադրիչները ունին նոյն յարաբերեալը՝ փորձեր, եւ ճիշտ այստեղ է անհեթեթութիւնը. եթէ փորձերը կարելի է հաւաստանշել, ապա կարելի չէ  «յետ շպրտել».   յետ կը շպրտենք այդ փորձերը կատարող անձերը, որոնց  ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ, ուրեմն մոռցուած  անդամ(ներ) կայ նախադասութեան մէջ. վերականգնենք զայն. 

--«Ադրբեջանական զինուժի կողմից ձեռնարկուել են ութ հետախուզական փորձեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուել են եւ որոնց   ձեռնարկողները յետ են շպրտուել»: 

Նաեւ՝ 

--Իրան հրաժարեցաւ խզելէ կամ գոնէ նուազեցնելէ Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը»:

Ուր կարելի է, ըսենք, նուազեցնել յարաբերութեան մակարդակը, սակայն կարելի չէ զայն խզել: Ենթադրելի է, որ գրողը ի մտի ունէր հետեւեալը.

--«Իրան հրաժարեցաւ խզուելէ Սէուտական Արաբիայէն կամ նուազեցնելէ  անոր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը»:  

Այլեւ՝ 

--Անոնց քեռիները  արեւելեան  փչողական գործիքներէն  կաւալ, զուռնա եւ սազ կը նուագէին:

Համադասուած երեք նուագարաններէն առաջին երկուքը փչողական են, այո, սակայն սազը փչողական չէ, այլ լարային է: Ուրեմն պարտինք սրբագրել.

--«Անոնց քեռիները  արեւելեան  փչողական  գործիքներէն  կաւալ ու զուռնա եւ լարային գործիք մը՝ սազ կը նուագէին»: 

  1. Սակաւաբանութեան ուրոյն ենթատեսակ մը կը կազմեն այն կառոյցները, որոնց մէջ  դերանունը կամ որեւէ փոխանուն զուրկ է  անհրաժեշտ յղումէ: Ծանօթ իրողութիւն է, որ դերանուն մը կամ փոխանուն մը  ըստ ինքեան իմաստ չունի.  օրինակ՝  «Ան արագ կը վազէ»... ո՞վ է վազողը,− ոչ ոք գիտէ: Այսպէս է, քանի չկայ նախապէս յիշուած գոյական մը կամ վազելու ատակ  առարկայ մը, որպէսզի  ան-ը յղենք այդ առարկային. օրինակ՝ «Այս ձին  կայտառ է, ան արագ կը վազէ»,− այս վերջին կիրարկութեամբ արդէն գիտենք, որ վազողը ձին է:  Եւ կամ՝ «Ես նախընտրեցի կարմիրը»,− կարմիր ի՞նչը: Զանազան պատճառներով՝ ահա այս յղումը,− որքան ալ ան ներկայ ըլլայ  ենթակային գիտակցութեան մէջ,−  կը բացակայի խօսողի կամ գրողի  շարադրանքէն՝ պատճառելով  զանազան շփոթ ու երկդիմի ընկալումներ:

Օրինակ՝ 

--«Ամբողջ օրը անցուցինք  ծովուն վրայ՝ առանց մէկ հատ իսկ որսալու»,−  մէկ հատ ի՞նչ:  

«Ամբողջ օրը անցուցինք ծովուն վրայ՝ փորձելով որսալ քանի մը ձուկ, սակայն ոչ մէկ հատ որսացինք»:

--«Հանրութիւնը կը մաղթէ ունենալ պարկեշտ գործիչներ, բայց ան գործիչներու առաքինութիւնը չէ եղած միշտ»:’

Ան՝ ո՞վ կամ ի՞նչը, չենք գիտեր, ծանօթ չէ, որովհետեւ թերի խօսք մըն է այս:

«Հանրութիւնը կը մաղթէ ունենալ պարկեշտ գործիչներ,  բայց պարկեշտութիւնը գործիչներու առաքինութիւնը չէ եղած միշտ»:

--Ան ամբողջ կեանքը գրեց, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը արժանացաւ հրատարակութեան»:

Ի՞նչն է հրատարակութեան չարժանացողը, չենք գիտեր:

«Ան ամբողջ կեանքը գրեց, սակայն անոր գրութիւններէն ոչ մէկը արժանա-ցաւ հրատարակութեան»:

--Վաճառորդը ցոյց տուաւ այնպիսիները, որոնք մեր քսակին չէին պատ-շաճեր»:

Ի՞նչը կամ ինչպիսինե՞րը չէին պատշաճեր:

«Վաճառորդը ցոյց տուաւ այնպիսի կառքեր, որոնք մեր քսակին չէին պատշաճեր»:

--Բարեկամութիւնը լաւ բան է, որովհետեւ կրնաս միշտ պէտք ունենալ անոնց»:

Որո՞ւ:

«Բարեկամութիւնը լաւ բան է, որովհետեւ կրնաս միշտ պէտք ունենալ  բարեկամներու:


Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmaul.com