Լիբանանի կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէ մէկ տարի բանտի ճաղերու ետին մնալէ ետք երէկ ազատ արձակուեցաւ։
Սալամէի ազատ արձակումին համար վճարուած է 20 միլիոն ամերիկեան տոլարի երաշխաւորագին, բան մը, որն աննախընթաց է Լիբանանի մէջ։
Կերպով մը լիբանանցիք ոչ ալ զարմացած են.. երկրի մէջ, որուն հիմքերուն մէջ է «օսմանեան կաշառակերութիւն»ը, նման դէպքեր միշտ ալ սպասելի են։
Երկրի արդի պատմութեան մէջ Սալամէի «գործ»ը իր տարողականութեամբ աննախընթաց է...
Լիբանանի արդարադատութիւնը երեքշաբթի օր որոշեց ազատ արձակել Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիյատ Սալամէն, որ շուրջ մէկ տարի կալանքի տակ կը գտնուէր «գումարներու յափշտակութեան» մեղադրանքներով։ Ազատ արձակումը պայմանաւորուեցաւ աննախադէպ ապահովագրութեամբ՝ որուն ընդհանուր գումարը կը գերազանցէ 20 միլիոն ամերիկեան տոլարը։
Դատական որոշումով Սալամէին արգիլուած է երկրէն բացակայիք մէկ տարուան ընթացքին, մինչ կը շարունակուին անոր դէմ ուղղուած դատական հետապնդումները։
Սալամէ (75 տարեկան) ձերբակալուած էր 2024-ի Սեպտեմբերին եւ կը հետապնդուի շարք մը մեղադրանքներով։ Ամէնէն կարեւորը կը վերաբերի «հասարակական գումարներու յափշտակութեան»՝ որուն ընդհանուր արժէքը կը կազմէ շուրջ 44 միլիոն տոլար, Կեդրոնական դրամատան մէջ իր ղեկավարութեան շրջանին։ Երեք տարուան ընթացքին ան եղած էր տեղական եւ եւրոպական հետաքննութիւններու կեդրոնական մեղադրեալ, եւ կասկածներ կան, որ ան «անօրինական կերպով ձեռք ձգած է մեծագումար անշարժ գոյքեր...։
Սալամէի իրաւաբանական ներկայացուցիչ Մարք Հապքա իր կարգին «Ալ Շարք» օրաթերթին տուած մեկնաբանութեան մէջ ըսաւ, թէ իր խնամատարի ազատ արձակման համար սահմանուած ապահովագրութիւնը՝ 20 միլիոն ամերիկեան տոլար եւ 5 միլիառ լիբանանեան ոսկին , «չափազանցուած եւ անընդունելի» է, յատկապէս որ այս ապահովագրութիւնը ամենամեծն է Լիբանանի պատմութեան մէջ։
Ռիյատ Սալամէի դէմ գործը Լիբանանի վերջին տասնամեակներու ամենախոշոր կաշառակերութեան եւ ֆինանսական չարաշահումներու «գործ»ը կը համարուի...։ Թէեւ անոր ազատ արձակումը պայմանաւորուած է աննախադէպ ապահովագրութեամբ եւ ճամբորդելու արգելանքով, սակայն հանրային կարծիքի մէջ խոր հիասթափութիւն կայ արդարադատութեան «կողմնակալութեան» վերաբերեալ։ Բազմաթիւ լիբանանցիներ այս որոշումը կը մեկնաբանեն իբրեւ նոր վկայութիւն այն մասին, որ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական վերնախաւերը տակաւին կը շարունակեն գործել հին «յայտնի» ոճերով, աչք փակելով կարեւոր խնդիրներու վերաբերեալ, որոնցմէ մին է «Սալամէի գործ»ը։