Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեանը խստօրէն դատապարտած է սեպտեմբեր 23-ի գիշերը Մերձաւան բնակավայրի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքը, որու հետեւանքով սպանուած են Փարաքար խոշորացուած համայնքի ղեկավար Վոլոդիա Գրիգորեանը եւ Ոստիկանութեան ծառայող Կարէն Աբրահամեանը:
«Նման ծանր յանցանքները խարխլում են հասարակական անվտանգութիւնը եւ վտանգում իրաւունքի գերակայութեան երաշխիքները։ Անհրաժեշտ է ապահովել դէպքի շուտափոյթ, բազմակողմանի, լրիւ եւ օբյեկտիւ քննութիւն՝ մեղաւոր անձանց անխուսափելիօրէն պատասխանատւութեան ենթարկելու համար։
Պետութիւնը պէտք է ունենայ պատշաճ կառուցակարգեր նման դէպքերը կանխարգելելու համար եւ անընդհատ կատարելագործի դրանք»,-ըսած է Մանասեանը:
Մարդկային իրաւանց պաշտպանն իր զօրակցութիւնը յայտնած է մահացածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն։