Օրերս Քէօլնի հայ շրջանակներ մեծ վիշտ ապրած են։ Մահացած է համայնքի յարգուած անդամներէն Արթին Ռէիսեան։
Տխրունիի մասին«Արեւելք»իմացաւ համացանցէն։
Նշենք, որ հանգուցեալը բնիկ պոլսահայ էր եւ այս առթիւ՝ Նազարէթ Դաւիթեան կատարած է գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Արթին Ռէիսեանի կորուստը մեծ վիշտ ու սուգ բերաւ մեր համայնքին մէջ։ Թէեւ տարիներու օտարութիւն շատերուն յիշողութենէն հեռացուցած էին Ենիքէփիի ամենասիրուած կերպարներէն հանդիսացող Արթին Ռէիսեանին , բայց անոր անունն ու ներկայութիւնը կը մնան անջնջելի։ Արթին եղած էր մտերիմ, եղբայր, ժողովուրդը սիրող մարդ, որուն շնորհքով բազում սերունդներ ներշնչում ստացան։
Այս առաւօտ խոր վշտով տեղեկացանք Արթին Ռէիսեանի մահուան մասին։ Իր պայծառ հոգին հեռացաւ մեզմէ, բայց ան պիտի շարունակէ մնալ համայնքի կեանքին մէջ՝ յարգանքով ու գորովով յիշուելով։ Մեր սրտագին զօրակցութիւն կը յայտնենք անոր սիրելի կնոջ ՝ Զարուհի Ռէիսեանին, զաւակներուն՝ Կարօ եւ Ժընեւ Ռէիսեան, Արլէթ եւ Կրէկուար Ազատեանին, թոռնիկներուն ու բոլոր հարազատներուն։
Թող աստուածային լոյսը լուսաւորէ Արթինի հոգին, եւ երկնային մխիթարութիւնը ուժ ու համբերութիւն պարգեւէ անոր վշտահար ընտանիքին։
Նշենք, որ հանգուցեալի հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուած է անցնող՝ 12 Սեպտեմբերին, Քէօլնի Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, եւ վերջին աղօթքէն ետք յանձնուած է ընտանեկան գերեզմանատուն։