Ս. Փեթերսպուրկի դատարանէն նախօրէին փախուստի դիմած Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի նախկին տեղակալ Բորիս Աւագեանը, նախնական տեղեկութիւններով, ինքնասպան եղած է Հայաստանի հիւպատոսութեան շէնքին մէջ, յայտնած են իրաւապահ մարմինները:
Նշենք, որ Ս. Պեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան շէնքին մէջ մահացած գտած են փախուստի դիմած Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով նախկին ներկայացուցիչ Բորիս Աւագեանը:
Աւելի վաղ ան փախած էր դատարանէն, ուր անոր պէտք է խափանման միջոց ընտրէին աւելի քան 4,2 միլիառ ռուբլի մաքսատուրքերի վճարումէն խուսափելու գործով։ Սեպտեմբեր 23-ին տեղեկութիւն տարածուած էր, որ Աւագեանը կը գտնուի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան շէնքին մէջ եւ կը խնդրէ զինք արտայանձնել Հայաստան:
Աւագեանը կապ հաստատած էր «Փաստինֆո»-ի հետ ու յայտնած, որ կամաւոր ներկայացած է Ս. Փեթերսպուրկի ՀՀ հիւպատոսութիւն եւ ցանկութիւն յայտնած արտայանձնուիլ Հայաստանին։
«Վերջին մէկ ամսուայ ընթացքում ինձ ձերբակալել են Ռուսաստանի Դաշնութեան ոստիկանութեան յատուկ գնդի աշխատակիցները, տարել ոստիկանութիւն փաստաթղթերս ստուգելու համար, որովհետեւ Հայաստանը ինձ հետախուզում էր յայտարարել»,- յայտարարած է ան։
Աւագեանը ցանկութիւն յայտնած էր արտայանձնուիլ Հայաստան, ուր անոր նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է՝ պետական սահմանն ապօրինի հատելու եւ փողերու լուացման մեղադրանքով։
«Թող ձերբակալեն եւ հետաքննութիւն իրականացնեն, իսկ յետոյ դատարանը թող որոշի՝ ես մեղաւոր եմ, թէ ոչ»,- ըսած է Աւագեանը։