Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Թագաւորութեան նոր դեսպան Ալեքսանտրա Քոուլը հայերէնով ողջունած է Հայաստանի հանրութիւնը ու նշած, որ կ՚ուզէ ճամբորդել Հայաստանի տարբեր մարզեր, ճանչնալ Հայաստանի մշակոյթն ու պատմութիւնը։
«Բարեւ Ձեզ, ես Ալեքսանտրան եմ՝ Միացեալ Թագաւորութեան նոր դեսպանը Հայաստանի մէջ։ Շատ ուրախ եմ այստեղ ըլլալու համար։ Յատկապէս հիմա, երբ Հայաստանն ու Միացեալ Թագաւորութիւնը որոշեր են յարաբերութիւնները բարձրացնել ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։ Յոյսով եմ կը հանդիպինք եւ կը ճամբորդենք Հայաստանի մարզերով։ Կ՚ուզեմ սորվիլ Հայաստանի մշակոյթն ու պատմութիւնը Ձեզ հետ։ Շնորհակալութիւն, կը հանդիպինք»,-նշած է Քոուլը։