Ինչպէս Հայաստան աշխարհի, այնպէս ալ սփիւռքեան տասնեակ գաղութներու մէջ փառաւորապէս նշուեցաւ մեր տօնացոյցի տաղաւար տօներէն Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։
Այս առումով Լիմասոլի հայկական փոքրիկ բայց եւ այնպէս բաւական աշխոյժ համայնքէն ներս մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որու աւարտին ալ կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի խորհրդանշական արարողութիւն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Կիրակի 17 Օգոստոս 2025-ին, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագը մատուցանեց հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան, իսկ պատարագի աւարտին քարոզեց եւ խաղողի օրհնութիւնը կատարեց Թեմիս նախկին կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Վարուժան Արքեպիսկոպոս, որ շրջանիս հոգեւոր հովիւը եղած է 1970ական թուականներուն։
Սուրբ Պատարագի մատուցման, մատաղի ու խաղողի օրհնութեան եւ պատգամի աւարտին, մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակները հաղորդութիւն ստացան, ինչպէս նաեւ օրհնուած խաղող։
Թող Աստուած ընդունի մեր բոլորին ուխտն ու աղօթքները։