Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ հոգեւորականներ օրերս ժամանեցին Երուսաղէմ։
Վաղը կը սպասուի դռնփակ եւ կարեւոր նիստ. վանքի փաստաբանները ելոյթ պիտի ունենան եւ մանրամասն պիտի ներկայացնեն «Կովերու պարտէզ» տխրահռչակ գործարքին մասին հիմնական տեղեկութիւններ։
«Արեւելք» կապ հաստատեց Երուսաղէմի միաբանութեան անդամներէն Հոգշ. Տ. Բագրատ ծ.վրդ. Պուրճէքեանին հետ։
Հայր Սուրբը, որ վերջին տարիներուն ծառայած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմին մէջ, կարեւորեց վաղուան ժողովը՝ ընդգծելով․ «Ինչպէս ես, իմ նման բազմաթիւ միաբաններ ժամանեցինք Երուսաղէմ, ըսելու համար, որ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը առանձիննծ չէ»։
Ան նաեւ անդրադարձաւ վաղուան նիստին՝ նշելով, թէ ժողովի աւարտին պիտի հրապարակուի հաղորդագրութիւն, որ ամբողջ հայաշխարհին պիտի ներկայացնէ, թէ ի’նչ որոշման յանգած են միաբան հայրերը։
«Իմ իմանալովս միաբանակից բոլոր եղբայրներս կտրականապէս դէմ են «Կովերու պարտէզ»ի գործարքին։ Վաղուան նիստին քննարկումներ պիտի ունենանք եւ որոշում առնենք, թէ ինչպէ’ս կարելի է հրաժարիլ այդ գործարքէն»,— ըսաւ ան։
Տ. Բագրատ յայտնեց, որ նիստին պիտի ներկայանայ նաեւ դատարանին կողմէ նշանակուած հաշտարարը․ «Պիտի քննարկուի նաեւ անոր դերը, որովհետեւ ոչ մէկուն համար ընդունելի է, որ Սուրբ Աթոռը «Կովերու պարտէզ»ը վարձակալութեան տայ 99 տարուան համար»։
Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Տ. Նուրհան Պատրիարքին, Հայր Սուրբը յստակեցուց․ «Ներկայիս Պատրիարքի առընչութեամբ կամ անոր հեռացման ուղղութեամբ ոչ մէկ քննարկում կամ դիտաւորութիւն գոյութիւն ունի։ Ամենակարեւոր հանգամանքը գործարքէն հրաժարիլն է եւ վանքին համար բարւոք լուծումներ ապահովելը»։
Աւարտին ըսաւ․ «Այսօր Երուսաղէմի միաբանութեան շրջանակներուն մէջ կայ լուրջ վրդովմունք եւ դժգոհութիւն «Կովերու պարտէզ»ի գործարքին նկատմամբ։ Աւելի քան սպասելի է, որ այդ գործարքը յետս կոչուի եւ հայաշխարհով մէկ այդ խնդրին համար գտնուին բարւոք լուծումներ»։
Յիշեցնենք, որ Հոգշ. Տ. Բագրատ, ինչպէս նաեւ այլ միաբաններ տարիներ առաջ կարեւոր նեցուկ եղած էին Նուրհան Պատրիարքի ընտրութեան ընթացքին։ Սակայն, Պատրիարքական գահ բարձրանալէ ետք Տ. Նուրհան անդուլ պայքար հռչակեց անոնց դէմ, ինչ որ ստիպեց զանոնք հեռանալ դէպի այլ գաղութներ եւ թեմեր։