Մինչ Տենտիասը նշած է, որ ներկայիս Թուրքիան այլեւս այն Թուրքիան չէ, որ կար 2016-ին, երբ տեղի կ'ունենար Կիպրոսի հարցի շուրջ թուրք-յունական նախնական բանակցութիւններու վերջին փուլը, թրքական աղբիւրը խեղաթիւրած է յոյն նախարարի խօսքը եւ գրած, որ Յունաստանի ԱԳ նախարարի խօսքով՝ Թուրքիան այլեւս 100 տարի առաջուայ «Եւրոպայի հիւանդ մարդը» չէ։
«Ներկայիս Թուրքիան կը շեղի մինչ 2000-ականներու Թուրքիոյ ուղեգիծէն, որ անհամբեր կը սպասէր եւրոպական ինտեգրման (ընդելուզման)»,- ըսած է Տենտիասը։ Ան նաեւ յայտնած է, որ Յունաստանը պատրաստ է ընդունիլ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի՝ Կիպրոսի հարցով ոչ պաշտօնական հնգակողմ համաժողովին մասնակցելու առաջարկը։
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած էր Յունաստանի հետ քննարկումներ սկսելու մասին։