image

Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութիւնը հայկական պարային խումբերը կը հրաւիրէ մասնակցելու Ասուանի միջազգային փառատօնին

Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութիւնը հայկական պարային խումբերը կը հրաւիրէ մասնակցելու Ասուանի միջազգային փառատօնին

Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութիւնը Հնութիւններու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Ասուանի նահանգապետարանի հետ համատեղ կը կազմակերպէ Ասուանի մշակոյթի եւ արուեստի 13-րդ միջազգային փառատօնը: Այն պիտի կայանայ 2026-ի փետրուար 3-9-ը:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութենէն, եգիպտական կողմը միջոցառումներուն մասնակցելու եւ փառատօնի շրջածիրէն ներս հայկական մշակոյթը եւ արուեստը ներկայացնելու նպատակով հրաւիրած է հայկական ազգային պարերու խումբեր։

Հրաւիրող կողմը պիտի հոգայ մասնակիցներու կեցութեան, սնունդի (նախաճաշ, ճաշ, ընթրիք), ներքին փոխադրումներու ծախսերը, իսկ միջազգային փոխադրումներու ծախսերը՝ մասնակիցները։ Իւրաքանչիւր խումբ կրնայ բաղկացած ըլլալ առաւելագոյնը 12 անդամէ՝ ներառեալ խումբի ղեկավարները։ Մասնակցութեան պարագային այդ մասին պէտք է տեղեկացնել Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան Մշակութային ժառանգութեան վարչութեան (հեռ.՝ 010-599-699, ներքին՝ 429)։

Մասնակցութեան յայտերու ներկայացման վերջնաժամկէտը 2026 թուականի յունուար 20-ն է: Դիմումներն անհրաժեշտ է ուղարկել հետեւեալ ել․ հասցէին՝ aswanfestival@gmail.com: