Տիգրան Չալեան կը պատկանի սերունդի մը, որ կեանքի ասպարէզ մուտք գործեց ունենալով Հայաստանի մեծ սէրն ու երազը։
Այդ երազին համար Չալեան եւ իր նման շատ-շատեր, ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու, կարողացան Հայաստանը դարձնել հալէպահայութեան հիմնական օրակարգը։
Հայաստանի հետ կապ, մշակութային գործունէութիւններ, հանդիպումներ եւ ջերմութիւն. այդ եղած է հանգուցեալ Տիգրան Չալեանի թիւ մէկ օրակարգը, ու այդ երազով ալ հայրենադարձած է հայրենիք՝ Հայաստան, ու իր կեանքի վերջին տարիները ապրած է հայրենի երկինքին տակ, որ այսօր իր հարազատ հողին մէջ պիտի ընդունի իր նուիրեալ զաւակներէն մէկուն յոգնատանջ մարմինը։
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, յարգելի՝ Տիար Տիգրան Չալեան։
«Արեւելք»
Յետ կարճատեւ եւ ծանր հիւանդութեան այսօր Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ՌԱԿ-ի վաստակաւոր անդամներէն՝ Տիգրան Չալեան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի ընտանիքէն:
Տիգրան Չալեան ծնած է Հալէպ 1953-ին: Յաճախած է Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան եւ Կիլիկեան վարժարանները:
Պատանի տարիքին իր մասնակցութիւնը բերած է Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) սկաուտական ու մարզական շարժումներուն։
Երիտասարդ տարիքին անդամակցած է Թէքէեան մշակութային միութեան, որու ճամբով ալ 1975-ին, (հազիւ 22 տարեկան), առիթը ունեցած է դառնալու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) շարքային անդամ: Անդամ եղած է Էօժէն Փափազեան կուսակցական ակումբին եւ քանի մը շրջան վարած է այդ ակումբի ատենապետութիւնը: 45 տարեկանէն ետք ըստ տարիքի փոխադրուած է Ռուբէն Հերեան ակումբ, ուր նաեւ վարած է ատենապետութեան պաշտօնը:
Եղած է կուսակցութեան Հալէպի վերին մարմնի վարչութեան անդամ եւ ընկերներով վարած են բաւական կարեւոր գործունէութիւններ, որոնք գաղութին մէջ մեծ դեր ունեցած են Հայաստանի անկախութեան տարիներուն եւ անկէ առաջ ալ մշակութային կապեր հաստատած Խորհրդային Հայաստանի ժամանակներուն: Չալեան իր շարք մը գաղափարակից ընկերներուն հետ, կազմակերպած է ազգային եւ մշակութային կարեւոր միջոցառումներ հիւրընկալելով այդ օրերու հայրենի արուեստագէտ-գործիչներու ամէնէն երեւելի եւ յարգուած անունները։ Նոյն ծիրէն ներս համոզիչ ճիգեր իրականացուցած են (ինք եւ իր ընկերները) Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւն հիմնելու համար առընթեր։
1977-ին անդամակցած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ), ուր երկու շրջան եղած է տեղական մասնաժողովի անդամ։
Չալեան նաեւ Հալէպի միջմիութենական ձեռնարկներու յատուկ յանձնախումբերուն մէջ ներկայացուցած է ՌԱԿ-ը: 1988 Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի օրերուն, Առաջնորդարանի կողմէ կազմուած միջմիութենական մարմնին մէջ եղած է ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչը եւ ստանձնած դրամահաւաքի գանձապահի պաշտօնը:
Կուսակցութեան մէջ եղած է գործօն անդամ, միշտ խանդավառած է նորագիր երիտասարդները ու դասախօսութիւններով հանդէս եկած ՌԱԿ-ի կարեւորութեան ու դերին մասին: Ծառայած է շուրջ 45 տարի Հալէպի մէջ մինչեւ փոխադրուիլը Հայաստան, ուր շարունակած է իր անդամակցութիւնը վարելով որոշակի կուսակցական գործունէութիւն:
Բացի կուսակցական գործունէութիւններէ, իր հասարակական գործունէութեան ընթացքին, ըստ իր կարողութեան, համեստ կերպով սատարած է հայ աշակերտներու։
Հայաստան հաստատուելէն ետք անդամ եղած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան երթայանձնախումբերու, ինչպէս՝ Հայ Դատի խորհուրդին, նաեւ Դատական ատեանի: Կուսակցութեան հարիւրամեակին արժանացած է բարձր գնահատագրի:
Ուսումէն ետք նետուած է ելեկտրակայաններու զետեղման ու նորոգման մասնագիտութեան ասպարէզին մէջ ու վայելած բարձր մասնագէտի համբաւ ողջ Սուրիոյ մէջ, եւ բացառիկ հմտութեամբ կրցած է լուծել որեւէ մասնագիտական խնդիր:
Իր աշխատանքային ասպարէզին մէջ հմտնալու համար ճամբորդած է Գերմանիոյ Միւնիխ եւ Մակտեպուրկ քաղաքները: Երեք տարի յաճախած է Գերմանիոյ վերապատրաստական արհեստից վարժարանը, եւ այդ ընթացքին աշխատանքային փորձ ունեցած է համաշխարհային համբաւ ունեցող գերմանական ընկերութիւններու մէջ:
Գերմանիայէն վերադառնալէն ետք Սուրիոյ մէջ շարունակած է իր մասնագիտական աշխատանքը լուսաւորելով զանազան քաղաքներ ինչպէս՝ Տէր Զօր, Թարթուս, Գամիշլի, Հասաքէ եւ այլն: Մեծ ներդրում ունեցած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատկան ռազմական օդակայաններու ելեկտրակայաններու զետեղման մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Թիֆոր օդակայանը:
Իր ասպարէզին մէջ շարունակած է աշխատիլ մինչեւ Սուրիոյ տագնապի սկիզբը, ապա 2015-ի ապրիլին, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն, ընտանիքին հետ միասին հաստատուած է Հայաստան:
28 տարեկանին ամուսնացած է Սիլվա Պըլըխեանի հետ եւ բախտաւորուած են 4 զաւակներ՝ Արմէն, Անի, Հայկ եւ Հուրի, որոնց ջամբած է նոյն հայրենասիրական ոգին:
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս մեր ժրաջան աշխատակից՝ Անի Չալեանին, անոնց դառն եւ ծանր կորուստին համար։