image

Հայ երեք համայնքապետերու օրհնութեամբ «Արեւիկ» կեդրոնի ամանորեայ խրախճանքը նշուեցաւ

Հայ երեք համայնքապետերու օրհնութեամբ «Արեւիկ» կեդրոնի ամանորեայ խրախճանքը նշուեցաւ

Հալէպի մէջ, օրերս, ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն, տեղի ունեցած է «Արեւիկ» կեդրոնի ամանորեայ խրախճանքը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Կազմակերպութեամբ՝ «Արեւիկ» կեդրոնի խնամակալութեան, Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2025-ի միջօրէին, տեղի ունեցաւ «Արեւիկ» կեդրոնի ամանորեայ խրախճանքը, «Նիւ Սպիտակ» ճաշասրահէն ներս, ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի: 

Բացման խօսք արտասանեց «Արեւիկ» կեդրոնի խնամակալութեան ատենապետ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան։ Ան ողջունեց հայ երեք համայնքապետերուն հայրական քաջալեր ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց մշտական զօրակցութեան համար։ Նոր Տարուան նախօրեակին, Քահանայ Հայրը, յետ երկար տարիներու դժուարութիւններուն, համբերութեամբ բարօր օրեր դիմաւորելու յոյս յայտնեց։

Ամանորեայ յայտագիրի ընդմէջէն «Արեւիկ» կեդրոնի սաները իրենց տօնական ուրախութիւնը արտայայտեցին:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն երեք համայնքապետերուն, խօսք արտասանեց։ Ան գնահատեց «Արեւիկ» կեդրոնի խնամակալութեան տարած հոգատար աշխատանքը եւ հայրական զօրակցութիւն յայտնեց անոնց։ Տօնական օրերուն առիթով, ան բարօր օրերու իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ սաներուն։