Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Համայնքապետարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Ազիզիէ շրջանի ապահովական պատասխանատու Ատէլ Եուսէֆը եւ իր օգնական Ապու ալ-Լէյսը։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը`
Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2025-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Համայնքապետարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Ազիզիէ շրջանի ապահովական պատասխանատու Ատէլ Եուսէֆը եւ իր օգնական Ապու ալ-Լէյսը։ Ներկայ էին նաեւ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Վերապատուելին շնորհաւորեց Սուրիոյ ազատագրման առաջին տարեդարձը եւ գնահատեց քաղաքի ապահովական պատասխանատուներու տարած աշխատանքը։
Ծանօթացման այցելութեան ընթացքին կողմերը արծարծեցին շրջանը յուզող հարցերն ու համագործակցութեան կարեւորութիւնը:


