Օրերս Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած է ուշագրաւ միջոցառում մը, որուն ընթացքին ի շարս այլ հոգեւորականներու պարգեւատրուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արժանաւոր միաբաններէն Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան։
Նշենք, որ Սրբազան Հայրը ներկայիս կը վարէ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի պաշտօնը եւ յատուկ այս առիթին համար ժամանած էր Նիւ Եորք։
«Արեւելք» այս պարգեւատրման մասին իմացաւ համացանցէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը նորանոր նուաճումներ եւ եւ անխաթար ծառայութիւն մաղթելով Սրբազան Հօր։
Ս. Ներսէս Ճեմարանը կը պատուէ իր շրջանաւարտները իր երրորդ «12 Կոչումներ» տօնախմբութեան ընթացքին
Օրերես Ս. Ներսէս Ճեմարանը իրականացուց իր «12 Կոչումներ» հանդիսութիւնը, որ նուիրուած էր այն շրջանաւարտներուն, որոնք իրենց նուիրումով եւ յանձնառութեամբ կը շարունակեն ծառայել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Պատուեալներու շարքին էր նաեւ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Պերպէրեան։ Այս պատիւը կ՚արմատաւորէ Սրբազան Հօր խոր նուիրումն ու հոգեւոր ծառայութիւնը, որոնց արմատական կերտումն իր հիմնական ուղենշերը ան գտած է Ս. Ներսէս Ճեմարանէն ներս։
Նշենք նաեւ, որ հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ պարոն Անդրէ Քիսաճիքեան, Պրազիլիոյ Հայոց Թեմական Ժողովի նախագահը, որ յատուկ հրաւէր ստացած էր մասնակցելու այս պատուական առիթին։
Երեկոյթը միատեղ բերաւ եկեղեցականներ, շրջանաւարտներ, բարերարներ եւ Ճեմարանի բարեկամներ՝ գոհունակութեամբ եւ հոգեւոր կոչումներու տօնակատարութեամբ համակուած մթնոլորտի մը մէջ։
Արժանի եւ իրաւ կ՚ըսենք Սրբազան հօր վստահ ըլլալով, որ ան անխափան կերպով պիտի շարունակէ ծառայել մեր Եկեղեցիին ու Հայ Ժողովուրդին։
