image
Հրատապ լուրեր:

Անգարա. Սահակ Բ. Պատրիարք ընդունուած է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց նախարարին կողմէ

Անգարա. Սահակ Բ. Պատրիարք ընդունուած է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց նախարարին կողմէ

Օրերս Թուրքիոյ մայրաքաղաք՝ Անգարա այցելած Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը ընդունուած է Թուրքիոյ Ներքին Գործերու նախարարին կողմէ։ 

«Արեւելք» ասոր մասին վերահասու դարձաւ համացանցէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, շարունակելով Անգարայի հանդիպումները, 16 Դեկտեմբեր 2025, Երեքշաբթի, իր պատուիրակութեամբ, պաշտօնարանին մէջ այցութիւն տուաւ Ներքին Գործոց Նախարար Ալի Երլիգայային։ 

Հանդիպման ներկայ էին Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան, Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Հանրապետութեան Նախագահի Մշակութային խորհրդական Արամ Գուրան, Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինգայա եւ Կարօ-Վռամ Պապայեան։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը փոխանցեց Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի ողջոյնները, ըսելով որ Ատենապետը անհանգստութեան պատճառով չէր կարողացած մասնակցիլ։

Հիւանդանոցներու վարչութեանց ընտրութիւններու արտօնութեան յապաղումի մասին իր մտահոգութիւնները արտայայտելով՝ մեր Հոգեւոր Պետը նշեց իր փափաքը որ է՝ նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացին փոքրամասնութիւնները եւս ներկայացուին եւ անոնց կարծիքները հաշուի առնուին։

Ներքին Գործոց Նախարար Երլիգայա նշեց, որ այս հարցերու շուրջ աշխատանքը պիտի իրականանայ զգայնութեամբ։ Բարեկամական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ յարգելի Նախարարին կողմէ՝ որպէս Իսթանպուլի Կուսակալ պաշտօնավարութենէն մինչեւ այսօր կատարած աշխատանքներուն համար։ Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ նուէրներու փոխանակումով։