Իսթանպուլի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք հայկական դպրոցը գուժած է ուսուցչուհիներէն Տիգրիս Թաշքըրանի մահը․
«Սիրելի Տիգրիս,
Տասներկու տարիներ շարունակ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ եղար ոչ միայն ուսուցիչ մը, այլեւ խաղաղութեամբդ հանգստութիւն սփռող եւ խոնարհութեամբդ ուղի հարթող ազնիւ հոգի մը:
Գիտութիւնը՝ բանականութեամբ, իսկ մարդկութիւնը՝ սրտով փոխանցեցիր մեզի. սորվեցուցիր ո՛չ միայն քու ըսածներովդ, այլ նաեւ քու իմաստուն լռութեամբդ:
Այս բաժանումը շատ կանուխ է... Սակայն կը հաւատանք, թէ անոնք որոնք կը յիշուին իրենց վաստակով, ձգած հետքերով եւ բարութեամբ, պարզապէս տեղափոխուած կ'ըլլան ուրիշ Հորիզոն մը:
Յիշատակդ եւ վաստակդ վառ պիտի մնան մեր բոլորին յիշողութեան միջ:
Համբերութիւն եւ մխիթարութիւն կը մաղթենք ընտանիքիդ եւ բոլոր հարազատներուդ:
Ընտանիք՝
Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի»։ 