«Մեզի համար Եւրոմիութիւնը մեր երկիրը հզօրացնելու միջոց է», յայտարարած է Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Քաւելաշվիլին։
«Մենք յոյս կը յայտնենք եւ կը յայտարարենք, որ ունինք ե՛ւ հնարաւորութիւն, ե՛ւ նպատակ նախապատրաստուելու՝ հաշուի առնելով այն արժէքները, որոնց շուրջ միաւորուած է մեր ողջ ազգը», -ըսած է ան։
Քաւելաշվիլին նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ներկայիս կը ցուցաբերէ կրկնակի չափանիշեր, Վրաստանի նկատմամբ անարդար վերաբերմունք, դիւանագիտական սկզբունքներու խախտումներ եւ ընտրութիւններուն միջամտութիւն, որոնք բոլորը կը նպաստեն միութեան նկատմամբ հասարակութեան բացասական վերաբերմունքին: Այնուամենայնիւ, ան աւելցուցած է, որ իրավիճակը կրնայ փոխուիլ: