Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալած է Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան։
Հանդիպումին, թաղական խորհուրդի անդամները անդրադարձան եկեղեցւոյ պայծառութեան ի նպաստ իրենց տարած գործունէութեան։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց թաղական խորհուրդի անդամներուն եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։