Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, հոգեւոր հայրերու եւ յատուկ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Լաթաքիոյ Հ.Բ.Ը.Մ-ի եւ Ս.Օ.Խ-ի զոյգ կեդրոններ։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին «Գանձասար»ի հաղորդագրութիւնը՝
Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, հոգեւոր հայրերու եւ յատուկ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Լաթաքիոյ Հ.Բ.Ը.Մ-ի եւ Ս.Օ.Խ-ի զոյգ կեդրոններ։
Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի եւ Արժ. Տէր Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեանի կողքին, պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգ. երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ Աւօ Կարպուշեան, Ազգ. վարչութեան անդամներ` Վաչէ Ճուհարեան եւ Ժագ Գազէզեան, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամ Մովսէս Աբգարեան։
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կեդրոնի մուտքին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով դիմաւորեց սրբազան հայրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Ետքը սրբազան հայրը եւ ներկաները ուղղուեցան սրահ, ուր Հ.Բ.Ը.Մ-Ի վարչութեան ատենապետ բժշկ. Նիքոլ Մէտէնի խօսք առնելով, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ, որ սրբազան հօր օրհնաբեր այցելութիւնը ուրախութիւն ու պատիւ է բոլորին համար եւ յոյսի ու ոգեշնչման անջնջելի հետք կը թողու լաթաքիահայութեան մէջ։
Գեղարուեստական յայտագիրով բեմ բարձրացան Սարին Գաբթանեան, որ ներկայացուց Պարոյր Սեւակի “Քիչ Ենք Բայց Հայ Ենք” բանաստեղծութիւնը, Քարէն Տէիրմէնճեան մեներգեց “Աշտարակ”, Յակոբ Աղա Ակիկեան դաշնամուրով ներկայացուց երաժշտական կտոր մը, Ռաշէլ Մէտէնի ասմունքեց Վահան Թէքէեանի “Հաշուեյարդար”-ը, իսկ
Ալին Զարիկեան մեներգեց “Ամպերն Ելան Բլուր Բլուր” եւ “Արեւիդ Մատաղ” ։
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց ներկայացուած արուեստն ու ազգային աւանդութիւններու պահպանման գծով տարուած բծախնդիր աշխատանքը։ Քաջալերական յորդորներով խրախուսեց ներկաները եւ հաստատեց, թէ որքան մութ եւ մուգ ամպերով ծանրաբեռնուած ըլլայ հորիզոնը, անպայման պիտի տեսնենք այդ ամպերը ճեղքող ու շողացող արշալոյսը։
Ապա սրբազան հայրը հայրական յորդորով թելադրեց լաւատես ըլլալ եւ դրական երեւոյթները գնահատելով յաղթահարել բոլոր մարտահրաւէրները։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն հետ մտերմիկ հանդիպումով եւ հիւրասիրութեամբ։
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին, սրբազան հայրը եւ պատուիրակութիւնը այցելեցին Ս.Օ.Խաչի կեդրոն։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը “Մեր Հայրենիք” քայլերգով եւ ազգային հայրենասիրական երգերով թնդացուց եւ խանդավառեց մթնոլորտը։ Կեդրոնի մուտքին տարազաւոր սկաուտներ պաշտօնական բարեւով, կամարաձեւ միջանցք կազմած պատուեցին յարգելի հիւրերը եւ ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններով շքախումբը ուղղուեցաւ «Կարպուշեան» սրահ։
Օրուան բեմավար Հերմիկ Տօղրամաճեան-Գաբրիէլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ բեմ հրաւիրեց Ս.Օ. Խաչի "Շուշի" մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Թագուհի Նազարեան-Գրիգորեան ներկայացնելու բացման խօսքը։ Ան հաստատեց, որ սրբազան հօր ներկայութիւնն ու հայրական հոգատարութիւնը կ'ոգեւորեն եւ նոր թափ ու կորով կը ներշնչեն լաթաքիահայութեան։ Ապա մատնանշեց, թէ այս տարի Հ.Օ.Մ_ը կը տօնէ իր ծառայութեան 115-ամեակը ու հպարտութեամբ շեշտեց. «Մենք իբրեւ Ս.Օ. Խաչի անդամուհիներ, պիտի շարունակենք մեր առաքինի աշխատանքը, մնալով հաւատարիմ “Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար” մեր նշանաբանին»։
Գեղարուեստական յայտագիրով յաջորդապէս ելոյթ ունեցան Ս.Պ.Մ. «Արցախ» Մասնաճիւղի աւարտական կարգի պատանիներ՝ Ռոզա Պետրոսեանի “Քարտէս” բանաստեղծութեան ներկայացումով, Ս.Ե.Մ.-ի "Կայծակ" Մասնաճիւղէն Նայելլա Հանունիք մեներգեց “Կիլիկիա”, Ս.Օ. Խաչի "Շուշի" Մասնաճիւղէն Դալար Սեփեթճեան-Մէխանաճեան ներկայացուց Գ. Էմինի “Սասնոյ Պար”-ը։
Յայտագիրը խանդավառութեամբ իր աւարտին հասաւ Համազգայինի Վահան Նաւասարդեան Մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբի պարմանուհիներուն ներկայացուցած հայկական պարով։
Սրբազան հայրը մեծ գոհունակութեամբ գնահատեց ներկայացուած յայտագիրը, նշելով որ այս ազգային ոգին, որ մեզի կը փոխանցուի դարերու ընդերքէն, կը կենսաւորէ մեր էութիւնը եւ հաստատեց, որ ազգային, հայրենական, կրօնական, եկեղեցական եւ մշակութային այս արժէքներու նկատմամբ մեր յոյսը մնայուն կերպով վառ պէտք է մնայ բոլորին սրտերուն մէջ։
Սրբազան հայրը յիշեց, որ պատմութեան ընթացքին, դարեր շարունակ, թշնամիներ եկած` գրաւած, յափշտակած եւ կործանած են մեր երկիրը, բայց հայը ամէն հանգրուանի, այդ ալեկոծումն ու հոսանքը շրջանցելով ինքզինք վերագտած է եւ իր մէջ եղած Աստուածակնիք այդ ներուժով ոտքի կանգնելով իր ներդրումը բերած է ստեղծագործութեամբ, արուեստով, քանդակով եւ հոգեւոր արժէքներով։ Ապա իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Որքան որ ալ մութ ըլլայ գիշերը, որքան որ վարագոյր քաշուած ըլլայ մեր գիշերուան վրայ, անպայման այդ յոյսը պիտի ունենանք, որ առաւօտուն պայծառ արեգակը պիտի ծագի»։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Յայտագիրի աւարտէն ետք, սրբազան հայրը, շքախումբը եւ միութիւններու ներկայացուցիչները ուղղուեցան "Վան" հաւաքատեղի, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ հանդիպում։
Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ հիւրերուն ու իր սրտի խօսքով ողջունեց ներկաները։
Սրբազան հայրը թելադրեց կանգուն մնալով դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եւ յոյսով զինուած ու համագործակցութեամբ իրագործել բոլոր ծրագրերը։
Հանդիպումէն ետք, սրբազան հայրը այցելեց Համազգայինի "Վահան Նաւասարդեան" Մասնաճիւղի վերանորոգուած գրասենեակ։ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սուլահեանի եւ այլ համազգայնականներու ներկայութեամբ, սրբազան հայրը շնորհաւորեց նոր կեդրոնը եւ գնահատեց վարչութեան տարած աշխատանքը՝ յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով անոր ապագայ աշխատանքներուն։
