image
Հրատապ լուրեր:

Յետ Ասատեան Սուրիան. Մեծ պայքար «Ծանր ժառանգութեան» եւ վերականգնումի յոյսերուն միջեւ

Յետ Ասատեան Սուրիան. Մեծ պայքար «Ծանր ժառանգութեան» եւ վերականգնումի յոյսերուն միջեւ

Սուրիան Ասատեան վրաչակարգի անկումէն տարի մը անց 

Ճիշդ տարի մը առաջ այս օրերուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ խոյս տուաւ երկրէն ճամբայ բանալով ամբողջական իշխանափոխութեան, որուն համար մեծ պայքար մղած էին երկրի ի մասնաւորի սիւննի համայնքի ամենատարբեր ուժեր եւ խմբաւորումներ։ 

Այդ ուժերուն մէջէն առաջատար եւ «ընդունելի» իսլամի կերպարով հանդէս եկող Ահմատ Ալ Շարըհ դարձաւ երկրի նախագահ։

Բաւական բարդ, արիւնալի եւ մեծ իրադարձութիւններով զեղուն շրջան մը դարձաւ Սուրիոյ ներքին կեանքը, որ մինչեւ օրս հեռու կը շարունակէ մնալ ամբողջական փարատումէ։

 Սուրիական վէրքը կը շարունակէ մնալ չբուժուած եւ այսօրուայ անցման կառավարութեան ու յատկապէս Ահմատ Ալ Շարըհին առջեւ կան բազմապիսի մարտահրաւէրներ։

 Նշեմ անոնցմէ մի քանին՝

 Սուրիոյ տարբեր եւ յատկապէս Տիւրզի, Ալէւի եւ Քիւրտ բաղկացուցիչներուն հետ ամբողջական համաձայնութիւն կերտելու օրակարգ

 Իսրայէլ- Սուրիա սահմանային խնդիրներու փարատում եւ փոխ համաձայնութիւն մը (առանց ամբողջական խաղաղութեան պայմանագրի) մէջտեղ բերելու հարց

 Լիբանանի հետ յարաբերութեանց կարգաւորում (Սահմանագծում, բանտարկեալներու փոխանակում, քաղաքական փոխհասկացողութիւն) 

 Ռատիքալ իսլամիսներու հիմնահարց, որ Շարըհի ու անոր իշխանութեան առաջ դարձած է լրջագոյն օրակարգ թելադրուած՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ

 Ներքին կարգաւորում (համակեցութիւն եւ փոխընկալում համայնքներու միջեւ) 

Սուրիոյ բանակի հզօրացում

Սուրիոյ վերակառուցման օրակարգ

Սուրիոյ տնտեսութեան վերականգում

 

Սուրիոյ այսօրը...

Այսօր Սուրիան կը դիմագրաւէ նոր իրականութիւն մը՝ որուն մէջ «փլուզման ժառանգութիւն»ը եւ իշխանական ձեւափոխման անորոշութիւնը կը խաչուին։ Թէեւ բռնապետական կառոյցը վերջ գտած է, երկրին բնակիչները տակաւին կ՚ապրին անարգանքի, քանդումի եւ անկայունութեան իրականութեան մը մէջ։

Անցումային Ահմատ Ալ Շարըհ, նախկին բարձրագոյն պաշտօնեայ մը, որ անկումի ժամերուն հեռացաւ Ասատի ազդեցութենէն, այսօր կը գլխաւորէ անցումային իշխանութիւնը։ Ան կը շրջի երկրէ երկիր, կը դիտարկէր պատերազմին թողած աւերները եւ ժառանգած է ճակատագրական ծանրութեան տակ կքած հանրապետութիւն մը։

Ի տարբերութիւն Ասատի ընտանիքին սակաւապետական (Օլիկարխիք) բռնատիրութեան, Շարըհի իշխանութիւնը կը ներկայանայ աւելի «բաց» ու շփումի պատրաստ մօտեցումով, սակայն այս իշխանութեան քաղաքական հիմքերը տակաւին փխրուն են։

Միւս կողմէ եւ գետնի վրայ երկիրը կը շարունակէ մնալ մասնակիօրէն քանդուած, իսկ կարգ մը քաղաքներու մէջ  կայ  կրկնուող պատկեր մը ՝

Փուլ եկած բնակարաններու,

Հրկիզուած խանութներու ,փողոցներու ուր մարդիկ կը փորձեն  հազիւ երեւցող յոյսի մը վրայ կանգնեցնել նոր կեանք մը։

Թէեւ իշխող վարչակարգը փոխուած է, աւերումը՝ ոչ։

Մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ պատերազմի աղէտին մէջ՝ առանց հաւատքի, որ մօտ ապագային  մեծ վերականգնում մըն է, որ պիտի գայ։ 

Յստակ է նաեւ, որ Ասատի անկումէն ետք ուժային դատարկութիւնը արագօրէն լեցուեցաւ շարք մը զինեալ խմբաւորումներու կողմէ եւ այդ խմբաւորումներու (յատակէս օտարազգի զինեալներէ բաղկացող) հարցին լուծումը (զէնքի յանձնում,  պետական բանակին մէջ ներգրաւում) կը շարունակէ հանդիսանալ այսօրուայ իշխանութեանց ամէնէն կարեւոր օրակարգերէն մին։

Միւս կողմէ կայւ ծանր ժառանգութիւն՝ տնտեսութիւն եւ ընկեային- հասարակական ճգնաժամ։ Այդ առումով ալ Սուրիան ներկայիս կը գտնուի տնտեսական խաւարի մէջ։

Աշխատատեղերու բացակայութիւնը, ռազմավարական շինարարութիւններու փլուզումը, արտագաղթի շարունակական ալիքները եւ արժոյթի անկումը երկիրը հասցուցած են կենսամակարդակի խոր ճգնաժամի։

Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել պատերազմէն վերապրած հասարակութեան հոգեբանական կորստեան հսկայ բեռը։ Ի վերջոյ այդ երկիրը այսօր աւելի ազատ է՞, թէ միայն աւելի յոգնած...։

Թէեւ շատեր կը նշեն, որ Ասատի բռնատիրութեան մթնոլորտը վերջ գտած է,ժողովուրդը տակաւին չըզգար, որ անցած է աւելի ապահով ու արժանապատիւ կեանքի։

Ազատութիւնը միշտ չէ, որ կը հաւասարի բարեկեցութեան. երբ իշխանական մէքանիզմները անորոշ են, իսկ երկիրը՝ աւերակ, ազատութիւնը կը դառնայ եթէ ոչ պայմանական, ապա՝ փխրուն ու անպաշտպան։

Այս բոլորը դիտարկելէ ետք հարկ է նշել, որ Սուրիոյ նոր իշխանութեան  առջեւ կան երեք հիմնական մարտահրաւէրներ՝

Քաղաքական-քաղաքացիական ոլորտի վ վերակառուցում, կառուցում՝ առանց վերադառնալու նախկին բռնատիրութեան մօտեցումներուն։

Տնտեսական վերականգնում,  դուրս գալով միջազգային մեկուսացումներէն եւ ներքին քայքայումէն։

Ապահովութեան կայունացում՝ բազմազան զինեալ խումբերու եւ տարածքային հակամարտութիւններու աշխարհագրութեան մէջ։

Ասատի անկումը շրջադարձային էր, բայց ոչ վերջնական լուծում։

Սուրիան կը մտնէ դարաշրջան մը, ուր յաղթանակի յստակութիւն չկայ, խաղաղութեան երաշխիք չկայ, բայց կայ մէկ մեծ ուժ՝ ժողովուրդին յոգնած, սակայն տոկուն կամք։

Երկիրը հիմա կանգնած է ճակատագրական երկընտրանքի առջեւ՝ վերածուիլ նոր ու արդիական հանրապետութեան մը կամ կրկին հիւանդանալ այն գինով, որն արդէն վճարած է։

 

Սուրիահայութեան մասին 

Ինչպէս նկատեցիք, բաւականին «ծանր» օրակարգ մը գոյութիւն ունի Շարըհին դիմաց։ 

Ու այդ մեծ խնդիրներուն ու ընդհանուր համայնապատկերին մէջ կայ անշուշտ սուրիահայութեան գոյութեան, այդ երկրին մէջ հայակական համայննի գոյատեւման ու նաեւ բարգաւաճման հիմնահարցը։

Այս առումով անշուշտ աւելի քան դատապարտելի, որ հակառակ հայ համայնքին հանդէպ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու դրական մօտեցումներուն Սուրիայէն դուրս ապրող որոշ հայրենակիցներ կը շարունակեն մեղադրանքի եւ սուր քննադատութեան թիրախ դարձնել նախագահ Շարըհն ու անոր վարչախումբը։ 

 Այդ քննադատութիւնը մարմին կը ստանայ այն պատրանքներէն ու «վարկածներ»էն, որոնց հիմամբ եթէ Ասատ կամ անոր աջակիցները չըլլան Սուրիոյ իշխանութեան գլուխ, ապա Սուրիան պիտի չկարողանայ ոտքի կանգնիլ։ Այս մտքին կը յաջորդէ այն գաղափարը, որ այդ երկիրը արդէն «վերջացած» երկիրն մըն է, որ պիտի շարունակէր գալարուիլ ու տառապիլ արեան յորձանուտներու մէջ...։ Այս եւ նման մօտեցումներու տէր մարդիկ, հազարաւոր մղոններ հեռու են Սուրիայէն ու այդ հեռաւորութիւնէն «կը զննեն» հարցերը, ու ճիշդ այդ պատճառով ալ անոնց կողմէ եղած դիտարկումները թերի են եւ անարդար։

 Այո, ոչ ոք կրնայ հակառակը պնդել, որ այսօրուայ՝ յետ-Ասատեան Սուրիան ունի բազմաբնոյթ եւ բազմապիսի խնդիրներ, բայց այդ չի նշանակէր, որ Սուրիոյ «տապանագիր»ը կնքուած ու երկիրը «վերջացած է»։ Երկար ժամանակի կը կարօտի այդ երկիրը, սակայն շնորհիւ իր դիրքին, ժողովրդագրական աճող համապատկերին ու սուրիացիներու իրենց հողին հանդէպ ունեցած սիրոյն ու հաւատարմութեան, այդ երկիրը դարձեալ ոտքի պիտի ըլլէ։ 

 Պատմութեան ընթացքին մեծ եւ յաճախ բեկումնային իրադարձութիւններու թատերաբեմը դարձած Սուրիան, Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով «բանալի դիրք» մ՚ունի ու շնորհիւ այդ անոր աշխարահագրական դիրքին, տնտեսական ու նաեւ քաղաքակակրթական խաչմերուկ մը ըլլալու հանգամանքին անկարելի է յուսակտուր հայացքով նայիլ աւելի քան 13 տարի պատերազմներու ամէնասարսափելին տեսած երկրի ապագային։

 Այս մտածումները հաւանաբար ընդունելի չըլլան, բոլոր անոնց կողմէ, որ Սուրիա անունին քով մեծ «իքս» մը դրած են, բայց նոյնը չենք կրնար ըսել անոնց մասին, որ հակառակ վերջին տարիներու ամէն տեսակի տառապանքներու ու ցաւերու շարունակեցին ու դեռ ալ կը շարունակեն իրենց կեանքը այդ երկրին մէջ։

 Այդ ապրումը, ամէնօրեայ մաքառումը եւ դժուարութիւններուն դիմանալու ու դիմադրելու կամքը կերպով մը հաւատարմութեան եւ սկզբունքայնութեան մասին կը խօսի։ 

 Հալէպի, Դամասի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Թարթուսի մէջ ցարդ դիմացող ու դժուարութիւններուն դիմադրող բուռ մը հայութիւնն ի վերջոյ, ունակութիւնն ունի հայութիւն ը փրկելու «վաչկատուն ցեղ» անուանարկումէն։

 «Վաչկատուն ցեղ» կը կոչուի այն հաւաքականութիւնը, որ յարափոփոխ է անկայուն է , երազ ու տեսլական չունի եւ դժուարութիւններուն առջեւ նահանջող է։ Եւ ի պատիւ այդ «կտոր մը հայութեան» մեր ազգի ճակատէն կը հանուի ու կը հեռացուի այդ ամօթալի խարանը, որուն «արժանի» կրնայինք դառնալ հաւաքապէս, եթէ այսօր Սուրիոյ ամենատարբեր քաղաքներուն մէջ հայեր չնկատէինք...։

 Սուրիահայութեան գոյութիւնը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ եւ այն մաս պէտք է կազմէ համահայկական մեծ օրակարգին, որովհետեւ այդ երկիրը միշտ ալ դրական մօտեցում, հայացք եւ հիւրընկալում ցոյց տուած է մեր ազգի զաւակներուն համար։ 

 Ի վերջոյ Սուրիոյ ամբողջական վերայառնումը օգուտ է նաեւ Հայաստանի ու հայութեան համար, որպէս բարեկամ ու բարեացակամ երկիր ու ժողովուրդ։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...