Երկուշաբթի օր Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ հրետանային բախումներ սկսած են Սուրիոյ կեդրոնական կառավարութեան ուժերու եւ քրտական ուժերու միջեւ, որոնք, ըստ Դամասկոսի հետ կնքուած համաձայնագրի, պէտք է մինչեւ տարեվերջ համարկուին սուրիական բանակի մէջ, հաղորդած է BBC-ն։
Երկու կողմերէն տրուած հաղորդագրութիւններու համաձայն՝ փոխհրաձգութեան ժամանակ զոհուած է առնուազն 3 մարդ, բոլորը՝ քաղաքացիական անձինք, իսկ 25-ը վիրաւորուած են։
«Մենք կը լսոենք հրետանային եւ ականանետային արկերու պայթումներ. Հալէպի մեծ մասին մէջ շատ զօրքեր կան», - յայտնած է տեղացի բնակիչը:
«Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը», որ քիւրտերու կողմէ գլխաւորած ուժ է եւ աջակցութիւն կը ստանայ Միացեալ Նահանգներէն, նոյնպէս յայտարարած է, որ հրամայած է դադրեցնել պատասխան կրակը։
Աւելի վաղ կողմերէն իւրաքանչիւրը մեղադրած էր միւսը առաջինը կրակ բանալու մէջ, եւ որ այդ տեղի ունեցած է Հալէպի քրտական շրջաններու անցակէտերուն վրայ։ Երկու կողմերն ալ հերքած են մեղադրանքները։