image

Տաճիկստանի եւ Աֆղանստանի սահմանին կրակոցներ հնչած են. կան զոհեր երկու կողմերէն ալ

Տաճիկստանի եւ Աֆղանստանի սահմանին կրակոցներ հնչած են. կան զոհեր երկու կողմերէն ալ

Տաճիկստանի եւ Աֆղանստանի սահմանին տեղի ունեցած է զինուած բախում, որու հետեւանքով կան զոհեր, հաղորդած է Տաճիկստանի ազգային անվտանգութեան պետական ​​կոմիտէն։

Կոմիտէի տուեալներով՝ միջադէպը տեղի ունեցած է Խաթլոնի շրջանի Շամսիտտին Շոխին շրջանին մէջ։ Սահմանը անօրինական կերպով հատած ահաբեկչական կազմակերպութեան երեք անդամ զինուած դիմադրութիւն ցուցաբերած են եւ ոչնչացուած են գործողութեան ընթացքին։

Բախման հետեւանքով զոհուած է Տաճիկստանի սահմանապահ ծառայութեան երկու սպայ։ Գործողութեան աւարտէն ետք սահմանին իրավիճակը կը գնահատուի կայուն եւ հանգիստ։