Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանի ոսկեայ տոմարէն էջ մը եւս շրջուեցաւ նուիրեալ Տնօրէնուհի եւ կրթական մշակ՝ Ազնիւ Քիրիշեան-Եագուպեանի շիջումով։
Գանատայի մէջ, ուր հաստատուած էր տարիներէ իվեր, 88 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի նախկին երկարամեայ տնօրէնուհին` տիկ. Ազնիւ Քիրիշեան-Եագուպեանը։
Տիկ. Քիրիշեան շատ սիրուած, բոլոր շրջանակներէն մեծապէս յարգուած կրթական մշակ մըն էր, որ խորունկ հետքեր թողուց Հալէպի մէջ։
Կիլիկեան վարժարանի հին շրջաններու սանուհիներէն էր ան, պրն. Երուանդ Պապայեանի տնօրէնութեան շրջանին, 40-ականներուն։ Այնուհետեւ հետեւեցաւ համալսարանական բարձրագոյն ուսման եւ վկայուեցաւ որպէս իրաւաբան։ Բայց կրթական ասպարէզը կարծէք աչք կը քթթէր իրեն։ 70-ական թուականներու վերջերը հրաւիրուեցաւ ստանձնելու Հայ Աւետ. Բեթէլ վարժարանի տնօրէնութիւնը, այդ պաշտօնին վրայ մնալով շուրջ երեք տարի։ Յետոյ անմիջապէս անցաւ իր «հարազատ տունը»` Կիլիկեան Ճեմարան, 1981-ին, փոխարինելու համար նախկին տնօրէն Ռուբէն Տիրարեանը, որ դպոցէն հեռացած էր փոթորկոտ ինչ-ինչ եղելութիւններու հետեւանքով։
Տիկ. Քիրիշեան, որ «քարիզմաթիք» անհատականութեան եւ ուժեղ կամքի տէր անձնաւորութիւն մըն էր, յաջողեցաւ վերականգնել իր սիրելի դպրոցը` կուրծք տալով վիթխարի դժուարութիւններու, որոնք գրեթէ ամէն կողմէ կը ցցուէին իր դիմաց, այդ շրջանին։ Կարգ-կանոնը վերահաստատուեցաւ դպրոցէն ներս, հոգաբարձութեան հետ համերաշխ գործակցութեամբ` թնճուկեալ հարցերը մի առ մի լուծում գտան, շուրջ 450 հայ աշակերտներով` Կիլիկեանը շարունակեց մնալ պատնէշի վրայ…։
Տիկ. Քիրիշեանի տնօրէնուհիի պաշտօնավարութիւնը երկարեցաւ լման 25 տարիներու վրայ, 1981-2005։ Տարիքի բերումով` ան փափաքեցաւ հանգստեան կոչուիլ։ Եւ այդ առիթով է որ, 12 Մարտ 2006-ին, հալէպահայութիւնը մեծարանքի բացառիկ ու անմոռանալի հանդիսութեամբ մը հրապարակաւ իր երախտիքը յայտնեց իր այս աննկուն եւ ձեռնհաս զաւկին, բեմէն հնչեցուած սիրոյ ու գնահատանքի խօսքերով արժանի՛ն մատուցելով անոր։
Տիկ. Ազնիւ Քիրիշեան գործուն ներկայութիւն մըն էր նաեւ Հալէպի մշակութային կեանքին մէջ։ Հայաստանի երկրաշարժէն ետք մաս կազմած էր կանանց «Քեզ համար, Հայաստան» խմբակի վարչութեան, որ օժանդակութիւններ կը կատարէր աղէտեալներուն։ Տուած էր բազմաթիւ բանախօսութիւններ` տարբեր միութիւններու բեմերէն, կրթական, ընկերային եւ մշակութային նիւթերու շուրջ։
Կիլիկեան Ճեմարանի հարիւրամեայ պատմութեան ամենափայլուն էջերէն մին կը փակուի այսպիսով, տիկ. Քիրիշեանի տխուր մեկնումով։
Լուրը՝ «Արարատ»էն