image

«Նորերուն պաշտպան, նուիրեալ հովիւ». Տ. Մեսրոպ Աւ. Քահանայի ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակը

«Նորերուն պաշտպան, նուիրեալ  հովիւ». Տ. Մեսրոպ Աւ. Քահանայի  ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակը

Մեծ երախտիքով եւ որդիական սիրով է,  որ կը գրենք այս լուրը։

Այնճար հայաւանի հարազատ  որդիներէն՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ  Աւ. Քհնյ. Լաքիսեան օրերս բոլորեց իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակը։ 

Տէր Մեսրոպի նման քահանայ  հայրերուն կեանքի աւիշն ու ոգին  միախառնուած են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ շնչող եւ  ապրող կենսագրութեան մէջ։

Տէր Մեսրոպը անոնցմէ է, որոնք արժանաւոր կերպով ծունկի եկած են մեր եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանին առջեւ  եւ այդ ծնրադրումը վերածած իրական նուիրումի։

Մեր փրկչին ու Տէրոջ  Յիսուս Քրիստոսի ճանապարհով, անոր  ջամբած մօտեցումներով ու տուած  օրհնութեամբ  է, որ գործած է Տէր Մեսրոպ։ Ան  կարողացած է  յաջողիլ, դառնալ  սիրելի,  ըլլալ օրինակ  ու  անհուն սիրով  ծառայել մեր եկեղեցիին ու  ժողովուրդին։

Վարձքդ կատար սիրելի Տէր Հայր,  մշտանորոգ կամք, լիասիրտ  ոգի եւ  աշխոյժ ներկայութեան շէնշող յոյսերով  պիտի մաղթէինք, որ այս հունով ու երազանքով շարունակէք  ձեր աստուածահաճոյ առաքելութիւնը։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն (անգլերէնէ թարգմանելով)  կը ներկայացնենք Տէր Մեսրոպի ձեռնադրութեան եւ օծման յոբելեանի առթիւ  Լուսին Գասպարեանի կողմէ  պատրաստուած  գրութիւնը․

 

 

19-րդ դարու հայ գրականութեան թերեւս ամենաազդեցիկ դէմըք՝ վիպագիր Ռաֆֆին,  առիթով մը ըսած է․ «Մենք երբեք բարգաւաճ հոգեւորականութիւն չենք ունեցած։ Մենք ունեցած ենք միայն քանի մը մեծարելի եկեղեցականներ»։

Տէր Մեսրոպը այդ քանի մը մեծարելի եկեղեցականներէն մին  է։

Յար եւ նման  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարէն անցած  եկեղեցականներուն՝ Տէր Մեսրոպ բառով եւ գործով ներշնչած եւ ամրապնդած է  հոտի հաւատացեալներուն  հաւատքը՝ պահպանելու, զարգացնելու եւ անգամ՝ երբեմն վերականգնելու, իրենց կապը հայ քրիստոնէական ինքնութեան հետ։

2005-ի, իր ձեռնադրութեան տարուան ընթացքին, Տէր Մեսրոպի առաջին կամ երկրորդ Սուրբ Պատարագէն յետոյ, երբ մօտեցայ Սուրբ Սեղանին՝ Աստուածաշունչը համբուրելու, իրեն ըսի.

«Դուն ճիշդ մարդն ես ճիշդ տեղը, ճիշդ ժամանակին»։

Այսօր, Տէր Մեսրոպի 20 տարիներու սպասաւորի ծառայութիւնը հաստատումն է այդ զգացումին, եւ ես  այդ  խօսքը կրկին անգամ կը կրկնեմ՝ աւելի խոր համոզմամբ։ Տէր Մեսրոպ արժանի կը դարձնէ մեր Մայր Եկեղեցին, որ իր պատմութիւնը սկսաւ որպէս  վիրաւոր  եւ արիւնաթափ  գաղթականներուն համար յոյսի եւ նորոգութեան լուսաշող՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք եւ կը շարունակէ ըլլալ հոգեւոր ու մշակութային կեդրոն՝ անոնց ժառանգներուն եւ բոլոր նոր եկողներուն համար։

Ծնունդով  Լիբանանի հայկական  աւան Այնճարէն, Տէր Մեսրոպ  կը սերի դաստիարակներու  ընտանիքէ  Մուսա Լերան  խորունկ արմատներով։

Լուսահոգի  Մեսրոպ  եպս. Աշճեանի հրաւէրով՝ Տէր Մեսրոպ Ամերիկա հասաւ 1990-ականներուն եւ սկսաւ  գործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Արամեան» գրախանութին մէջ, Նիւ Եորք։Այն ժամանակ զինք  կը  կոչէինք  իր աւազանի անունով՝ Գրիգոր,  յաճախ օգտագործելով  «Գօգօ» անուանումը։  Գրիգորի ընդունակութիւնը՝ առընչուելու բոլոր տարիքներու եւ մտածումներու ազգայիններու հետ՝ անմիջապէս տեսանելի էր։ Անոր մարդասիրութիւնը, ազնուութիւնը, ջերմութիւնը, բնածին  եւ առաջնորդական հմտութիւնները զինք դարձուցին գրաւիչ անհատականութիւն։

Տէր Մեսրոպը ձեռնադրուեցաւ Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ Նոյեմբեր 20, 2005-ին,  այդ  օրերու մեր Առաջնորդ  Գերշ. Տ. Օշական  արք. ձեռամբ։ Ռիչըրտ Սարարճեան եղաւ իր կնքահայրը, այլ խօսքով՝ խորհրդականը։ Հայ քրիստոնէական աւանդութիւնը կը հրաւիրէ նորաօծ  քահանաները՝ իրենց ձեռնադրութեան ատեն ընդունիլ նոր անուն։  Ան ընտրեց «Մեսրոպ» անունը երեք պատճառներով.

1. Ցանկութիւն ունեցաւ  տուրք տալ Ս․ Մեսրոպ Մաշտոցի՝ մեր տիեզերական  հօր  եւ Հայաստանի  պաշտպան սուրբերէն մէկուն։

2. Ցանկութիւն ունեցաւ պատուել իր խնամակալն ու ուսուցիչը՝ Սրբազան Մեսրոպ Աշճեանը։ 

3. Ցանկութիւն ունեցաւ  արտայայտել իր սէրն  ու  նուիրումը հայ գրականութեան հանդէպ։

Տէր Մեսրոպ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհեան Դպրանոցէն շրջանաւարտ եղաւ 1990-ին։ Նիւ Եորքի մէջ յաճախեց Քուինզ Գոլէճ, ուսուցանեց հայոց պատմութիւն, լեզու եւ կրօն՝ Ս․ Լուսաւորիչի Դպրոցին եւ Ս․ Սարգիսի Շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ։ Երեք տարի վարեց Սիամանթօ Ակադեմիան։ Տասնհինգ տարի ծառայեց որպէս սարկաւագ Մայր Տաճարի Սեղանին։

Այս պարտականութիւններն ու փորձառութիւնները՝ իր ձեռնադրութենէն առաջ եւ անոր 20 տարիներու հոգեւոր ծառայութեան հետ, կը փաստեն, թէ Տէր Մեսրոպ իսկապէս «մարդ մըն էր, բոլոր եղանակներուն համար» կարողունակ՝ ստանձնելու այն բազմաթիւ առաքելութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են հայկական ինքնութեան պահպանման համար, եւ յաջողելու  իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան եւ գործի  մէջ։

Այսօր նոյնպէս Տէր Մեսրոպ դիւրութեամբ կը համադրէ բազմաթիւ  դերեր  հանդիսանալով հոգեւորական, մշակութային դեսպան, ուսուցիչ, կառավարիչ,  գործի ջատագով, դաստիարակ, դիւանագէտ եւ բանակցող, երիտասարդութեան պաշտպան եւ ամէնէն առաջ՝ հովիւ։ 

Սուրբ Պատարագ մատուցելու  եւ շարականներու կատարելու կողքին, Տէր Մեսրոպ կը կազմակերպէ եւ ներկայ կ՚ըլլայ մեր Տաճարի գրեթէ իւրաքանչիւր հոգեւոր, կրթական կամ մշակութային ձեռնարկի։ Ան կ՚այցելէ հիւանդանոցներ եւ առողջանոցներ, ուտելիք կը տանի տարեցներուն, կ՚ուղեկցի  անկարներուն, կը մտահոգուի ծերերուն մասին, եւ բազմաթիւ բարիքներ կը կատարէ՝ ինքնազոհաբար եւ  առանց ակնկալիքներու։

 

Տէր Մեսրոպի հեռատեսութեամբ եւ հսկող աչքով է, որ տեղի ունեցաւ Տաճարի  անխուսափելի  հիմնանորոգումը, հոգ տանելով ոչ միայն հոգեւոր ու մշակութային, այլ նաեւ ֆիզիքական տունը վերականգնելու կարեւոր գործին։ 

Աւելի՛ն. Տէր Մեսրոպ իր ձեռքով բարձրացուց  Լուսաւորիչ Տաճարի  համբաւը՝ իր կապերով, անկոտրելի կամքով եւ աշխատասիրութեամբ։ Կերպով մըն ալ մեր Տաճարը դարձաւ «հայու  տուն մը Մանհաթընի մէջ, որուն մասին ալ առիթով մը Գարեգին Բ. Կաթողիկոս (Ապա Գարեգին Ա. Սուրբ Էջմիածնի Երջանկայիշատակ Կաթողիկոսը)  ըսած է՝ «հաւատքով պատուած եւ սիրով կառուցուած»։

Չմոռնանք,որ այսօր մենք պարտք ունինք Տէր Մեսրոպին իր սիրալիր հովուապետութեան համար  ու շնորհակալ ենք  իր տարած  աշխատանքին ու կատարած բարի գործերուն համար։ 

Չմոռնանք նաեւ նշել, որ Տէր Մեսրոպ «սպիտակ ձեռքեր»  ունեցաւ՝ ստեղծելու  «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  հիմնադրամ»ը։

Հիմնադրամ մը, որ ապահովեց  բարեգործական օժանդակութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ կարիքաւոր հայերուն։ 

Տեղին է նշել, որ Տէր Մեսրոպ ունեցած է  իր գործունէութեան քաջալեր ամուր համակարգ մը՝ սկսած մեր սիրելի Առաջնորդ  Գերշ. Տ. Անուշաւան Դանիէլեանով եւ ամբողջացող  մեր եկեղեցւոյ շուրջ  բոլորուած  բոլոր  նուիրեալ գործիչներով ու հաւատացեալներով։  Մեծ ընտանիքին կողքին չմոռնամ  յիշատակելու Տէր Մեսրոպի  փոքր ընտանիքը. անոր սիրելի  տիկինը՝ երեցկին Օժէնին, աշխոյժ  դուստրը՝  Թալինը  եւ անվեհեր քոյրը՝  Թամարը։

Ճիշդ առաջնորդի մը պէս, Տէր Մեսրոպ չի ղեկավարեր հրամանով, այլ օրինակով։ Կը գծէ տեսիլք մը, եւ ապա կ՚առաջնորդէ իր անձնական աշխատասիրութեամբ։ Ամէնէն կարեւորը՝ ունի աչք մը՝ տեսնելու բոլոր անոնց, որոնք կը նուիրուին ծառայելու։ Ան կը գնահատէ, կը հաւաստէ, որ իւրաքանչիւր արժանաւոր մարդ ստանայ իր արժանի ճանաչումը։

Մեր փոքրիկ սիրելի ծուխը, Տէր Մեսրոպի առաջնորդութեամբ,  վերածուած է քրիստոնէական ողորմութեան  իրական բոյնի մը, որուն նպատակն է օգնութեան ձեռք երկարել  իրական կարիքի մէջ եղող  մեր բոլոր  եղբայրներուն ու քոյրերուն։ 

Լուսին Գասպարեան