image

Բարի Ճանապարհ քեզի Սիրելի պրն. Տիգրան

Բարի Ճանապարհ քեզի Սիրելի պրն. Տիգրան

Շատ բուռն հայրենասէր մըն էր Տիգրան Չալեանը։ Մարդոց այն տեսակէն, որ ամէն բանէ վեր դասած էր Հայաստանը։

Ինչ խօսք, որ  իր երիտասարդ տարիներուն, Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն,  ինք եւ իր  գաղափարակիցները  ամէն բան  ըրած-կատարած էին, որ այդ կտոր մը  Հայաստանը  «հասանելի դառնայ» մէկ այլ  Խորհրդայինի նմանատիպ Սուրիոյ մէջ։

Հեշտ չէր ի հարկէ, բայց  հարկաւոր էր Հայաստանի հանդէպ սէրը ցանել  Հալէպի,  Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Հասիչէի, Գամիշլիի կամ նոյնիսկ Քեսապի մէջ իրենց աչքերը բացած  հայորդիներուն։

 Ճանչցընել Հայաստանը, սիրցընել մեր երկիրը, կապ ըլլալ, կամուրջ ըլլալ  մէկ կողմէ Սովետական աշխարհի   փոքրիկ մասնիկ՝ Հայաստանին ու միւս կողմէ արաբական աշխարհի սրտին մէջ «ծուարած»   սուրիահայութեանը։ 

 Ինչ խօսք, որ  Հայաստան  դառնալը, դէպի Հայաստան  գալը   Պրն. Տիգրանին ու անոր նման  շատ մը սուրիահայերուն համար եղան   շատ դառնաղէտ օրերու...։

 Սուրիան արիւններու մէջ էր, Հալէպն էր վիրաւոր ու անկէ ետք հազիւ   Երեւանի մէջ  շունչ  մը կ՚առնէին մեր եղբայրներն ու քոյրերը, վրայ կը հասնէր Արցախի    դաժան պատերազմը...։

 Մնացեալը բոլորդ գիտէք, գիտէք դառնութիւնն ու  ցաւը, որուն մէջ  անցաւ ամբողջ հայութիւնը... սակայն այս բոլորով հանդերձ  Տիգրան  Չալեանն ու իր նմանները երբեք  թոյնով  չլեցուցին իրենց առօրեան, այլ փորձեցին   ամէնօրեայ ապրումին մէջ տեսնել  յոյսի նոր պատուհաններ։

 Հալէպն ու Սուրիան մնացին   հեռու,  իսկ այն ինչ որ յաւիտենական է  այսօր կը տրուի   Տիգրան Չալեանին...։

 Ան պիտի դառնայ յաւիտենականին, հայրենի հողին  ու   հզօր Հայաստան մը տեսնելու իր երազանքը մշատպէս   ապրի  իր անմեռ-անմար հոգիին մէջ։

 Տիգրան Չալեան իմ թանկ բարեկամս... 

 Լոյսերու մէջ ապրի   իրական հայու հոգիդ։