image
Հրատապ լուրեր:

«Խորհուրդ Մե՛ծ Եւ Սքանչելի՛, Որ Այսօր Յայտնուեցաւ Մեզի». Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի Սուրբ Ծննդեան Պատգամը

«Խորհուրդ Մե՛ծ Եւ Սքանչելի՛, Որ Այսօր Յայտնուեցաւ Մեզի». Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի Սուրբ Ծննդեան Պատգամը

«Մենք բոլորս կոչուած ենք կառուցելու կենդանի եկեղեցի մը` միշտ երիտասարդ, միշտ շարժուն եւ հաւատքով լեցուն հասարակութիւն մը, որուն անդամ-անդամուհիները կարող են իրարու աջակցիլ, օգնել, ծառայել եւ այսպէս` աշխարհին մէջ ուրախութեամբ ու համերաշխութեամբ վկայել Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ անոր Աւետարանին»:

Այս բնաբանով ուզեցի սկսիլ մեր խորհրդածութիւնը Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնախմբութեան առիթով:

Ամէն տարի կրկին ու կրկին կը պատմենք Քրիստոսի ծնունդը եւ կը խրախուսենք զիրար` լաւագոյն կերպով զայն տօնելու:

Նոյնքան, որքան դարերէ ի վեր Ընդհանրական եկեղեցին, նոյն շքեղութեամբ մեզ կը հրաւիրէ Յիսուսի ծնունդը  յիշելու, մեծարելու եւ Բեթղեհէմի աղքատ մսուրէն քաղելու հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները, ինչպէս  նաեւ խոնարհութեան, աղքատութեան, գերագոյն սիրոյ ու զոհողութեան դասերը:

Սակայն, աշխարհի տաղտուկը, անոր սատանայական փորձութիւններն ու գործողութիւնները, ինչպէս ալ առկայ անիրաւ պատերազմները, անբարոյականութիւնները, Աստուծոյ տասը պատուիրաններուն դէմ գործուած ընդդիմութիւնները եւ այլ մեղքեր մեզ կը ջլատեն ու կը տանին հո՛ն, ո՛ւր պէտք չէ հասնէինք եւ պէտք չէ հասնինք:

Հոս, յիշելու ենք Ս. Պետրոսի` իր հաւատացեալներուն ուղղած թուղթին մէջ տուած  խրատը. «Արթուն կեցէ՛ք եւ հսկեցէ՛ք, որովհետեւ ձեր ոսոխը` սատանան կը մռնչէ առիւծի պէս, կը շրջի, կը փնտռէ մէկը, որպէսզի բզքտէ զինքը» (1Պետ. 5,8):

Այո՛, մենք` Քրիստոսի անունը կրողներս, ուրեմն, քրիստոնեաներս` փրկուած ենք մեր Տիրոջ անգին արիւնով խաչին վրայ:

Գողգոթայի խաչը, որ արդէն սկսած էր Բեթղեհէմի մսուրէն, մարդերուս հանդէպ  գերագոյն արտայայտութիւնն է ողորմած Աստուծոյ անսահման սիրոյն:

Ա՛յն բարեգութ սիրոյն, որուն սահմանումը տուաւ մեզի մեր աստուածային վարդապետը. «Չկայ աւելի մեծ սէր, քան կեանքը զոհել իր բարեկամներուն համար» (Յվհ. 15,13):

Այսօր, այս ինքնազոհ աստուածամարդուն` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդին տարեդարձը կը տօնենք:

Բայց հոս, հարցումս ինքնաբերաբար կու գայ` ուղղելու բոլորիս ու բոլորին. «Ինչպիսի՞ յիշատակութիւն մը կը տօնակատարենք այս փառաւոր իրողութեան դիմաց, որ է Աստուածորդիին գալուստը դէպի աշխարհ եւ դէպի մեզ, որպէսզի փրկէ մարդկութիւնը եւ հաշտեցնէ երկնաւոր Հօր հետ…»:

«Խորհուրդ մե՛ծ եւ սքանչելի՛, որ այսօր յայտնուեցաւ մեզի», կը գովերգենք ու կը հրճուինք մեր շարականին բառերով:

Իսկապէս, մե՛ծ եւ սքանչելի՛ խորհուրդն է, որ Աստուած կը մարդանայ:

Բայց որո՞նց համար…

Ապերա՛խտ ու մեղաւո՛ր մարդերուս համար, բայց մենք Բեթղեհէմի մսուրը լքած` իրարու հետ անցաւոր նուէրներով զբաղած ենք` այսպէս վատնելով մեր ժամանակը եւ մոռնալով պահուն նուիրականութիւնը:

Մինչ, այդ սրբազան գիշերը, երկնաէջ հրեշտակները կը շտապեն դէպի երկիրը, հովիւներուն, որոնք «իրենց ոչխարներուն բացօթեայ պահպանութիւն կ՛ընէին» (Ղկ. 2,8):

Տիրոջ հրեշտակը երեւնալով հովիւներուն` յայտնեց անոնց. «Ահաւասիկ, ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ ուրախութիւնն ամբողջ ժողովուրդին: Այսօր, Դաւիթի քաղաքին` Բեթղեհէմի մէջ ծնաւ ձեզի Փրկիչը, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ. 2,9-11):

Գացէ՛ք, տեսէ՛ք եւ օրհնեցէ՛ք Տէրը, որ իբրեւ «Անբաւելին երկնքին ու երկրին», «խանձարուրներով փաթաթուած ու դրուած է մսուրին մէջ» (Ղկ. 2,12):

Յիսուս Քրիստոս, Աստուած եւ Մարդ, երէկ դրուած էր մսուրին մէջ, այսօր կը դրուի Տապանակին մէջ, խորանին վրայ, որ եկեղեցիին Ս. Սեղանն է:

Այս աստուածային սիրոյն ճշմարտութեան հաւատալով` մենք մեզի կրնանք ուղղել այս հարցումը. «Արդէն, ի՞նչ է Մսուրը, եթէ ո՛չ` սկզբնաւորութիւնը Խաչին… Եւ ասկէ` ելակէտը մեր Խորանին, ինչպէս նաեւ նախատիպարը` մեր Տապանակին…»:

Այո՛, մսուրին Մանուկը, Աստուածամա՛րդը, «նոյնն է երէկ, այսօր, վաղը եւ յաւիտեան» (Եբր. 13,8), Յիսուս Քրիստոս` Խաչին Զոհեալը, Խորանին Իջեալն ու Տապանակին Բանտարկեալը», որ Յարուցեալը, Համբարձեալը եւ Փառաւորեալն է երկնային յաւերժութեան մէջ:

Ճիշդ հո՛ս է, այս սքանչելի ճշմարտութեան եւ աստուածային սիրոյն խորհուրդի՛ն մէջ է, որ երէկ, Բեթղեհէմ, իրականացաւ, եւ այսօր, մեր եկեղեցիին մէջ, կ՛իրականանայ Եսայի մարգարէին կանխատեսութիւնը. «Ահաւասիկ, Կոյսը պիտի յղանայ եւ պիտի ծնի Որդին, զոր պիտի անուանեն «Էմմանուէլ», որ կը թարգմանուի` «Աստուած մեզի հետ» (Մտթ. 1,23. Ես. 7,14):

«Աստուած մեզի հետ` Էմմանուէլի» մշտական ներկայութիւնը, հիմնաւորուած նաեւ իր համբարձումէն առաջ Յարուցեալին տուած խոստումը, թէ «ահաւասիկ, Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր, մինչեւ աշխարհին կատարածը» (Մտթ. 28,20), կը բացայայտէ իմ պատգամս Ս. Ծննդեան տօնին:

Յիսուս ծնաւ մեզի համար  եւ այսօր կը մնայ մեզի հետ Ս. Հաղորդութեան մէջ:

Մեզ կը տեսնէ:

Մեզի կը հետեւի:

Մեզ կը սիրէ:

Մեզի կը խանդաղատի:

Մեզ կը շնորհազարդէ:

Մեզի կեանք կու տայ:

Բայց,  մեզմէ կը սպասէ, որ Զինքը սիրենք ու յիշենք, Իրեն մօտենանք եւ երկրպագենք, մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք ու շնորհակալ ըլլանք:

Այսպէս, մեր սէրէն, պաշտամունքէն եւ շնորհակալութեան արարքներէն զօրացած ու լիցքաւորուած` այսօր, մենք բոլորս կոչուած ենք կառուցելու կենդանի եկեղեցի մը` միշտ երիտասարդ, միշտ շարժուն եւ հաւատքով լեցուն հասարակութիւն մը, որուն զաւակները կարող են իրարու աջակցիլ եւ ուրախութեամբ վկայել Քրիստոսի Ծննդեան, Յիսուսի աշխարհ գալուն ու ներկայ ըլլալուն անոր մէջ ու մեզի հետ:

Այո՛, հրեշտակներու տուած պատգամն էր. «Ուրախացէ՛ք»: Այսօր ալ անոնք նոյն ուղերձը կ՛աւետեն մեզի` հովիւներուս, կղերական ու աշխարհական դասին. «Ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեզի ծնաւ Փրկիչը, ծնաւ Հաշտարարը, ծնաւ աստուածային Սէրը: Առէ՛ք այս լուրը եւ տարածեցէ՛ք համայն աշխարհի մէջ: Առէ՛ք այս աւետիսը ու մօտեցէք Անոր` նորածին Աստուածորդիին»:

Սակայն, այս ձայնը լսելու համար, պէտք է ունենանք հովիւներու բարի սիրտը, մաքուր խիղճը, խոնարհութիւնը, պարզութիւնն ու բարեացակամութիւնը:

Ասոնք միայն բառեր չեն, այլ` առաքինութիւններ են, զորս պարտական ենք սնուցանել մեր մէջ եւ գործադրել մեր կեանքին ընթացքին, որպէսզի կարենանք լսել աւետաբեր հրեշտակներուն ձայնը եւ իմանալ Ս. Ծննդեան խորհուրդը:

Այո՛, այս առաքինութիւնները ստանալու եւ ապրելու համար, հարկ չկայ երթալ մինչեւ Բեթղեհէմ  քաղաքը, որովհետեւ հո՛ս է, Տապանակի՛ն մէջ է Բեթղեհէմը:

Ուստի, ժամը հասած է Անոր երթալու սրտի խոնարհութեամբ, հաշտութեամբ ու խաղաղութեամբ:

Սրտի խոնարհութեան ու խաղաղութեան մէջ` հաշտութի՛ւնը մենք մեզի հետ` մաքուր խղճով:

Սրտի խոնարհութեան ու խաղաղութեան մէջ` հաշտութի՛ւնը ընտանիքին անդամ-անդամուհիներու հետ` աննախանձ սիրով:

Սրտի խոնարհութեան ու խաղաղութեան մէջ` հաշտութի՛ւնը համայնքներու եւ պատասխանատուներու միջեւ` մնայուն յարգանքով:

Սրտի խոնարհութեան ու խաղաղութեան մէջ` հաշտութի՛ւնը, որ կը ցոլացնէ անձին անանձնականութիւնն ու պարզութիւնը գործօն եղբայրսիրութեան մէջ:

Սրտի խոնարհութեան ու խաղաղութեան մէջ` հաշտութի՛ւնը, որ կը ծնի անձնազոհումն ուրիշներու յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան համար:

Այս բոլոր բարեմասնութիւններն ու յատկութիւնները կը գտնենք Յիսուսի Ս. Ծննդեան խորհուրդին մէջ:

Իսկ ասոնց համընթաց` մնացած բոլոր  շնորհքները Յիսուս Քրիստոս, որ երէկ, այսօր, վաղը եւ միշտ ներկայ է Ամենասուրբ Հաղորդութեան մէջ, աւելիով մեզի կու տայ ու կը շարունակէ պարգեւել:

Վստահի՛նք, ուրեմն, Անոր եւ բարձրաձայնե՛նք անոր գալուստին փառքն ու կառուցե՛նք իր Ս. եկեղեցին` զայն պահելով միշտ երիտասարդ, միշտ շարժուն, ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան` Հայր Աստուծոյ, Որդի Աստուծոյ եւ Ս. Հոգի Աստուծոյ:

Հայր Աստուծոյ Դուստրն է, Որդի Աստուծոյ Մայրն է եւ Ս. Հոգի Աստուծոյ Հարսն է Մարիամ Աստուածածինը, որուն ներկայութեան` «Մսուրին ու Տապանակին խորհուրդները, որոնք մարդեղութեան եւ հաղորդութեան խորհուրդներն են», կը մտաբերենք ամէն օր, երբ Ս. պատարագին ընթացքին, Հայոց Խորհրդատետրին հաւատաբորբ սահմանումով, մենք կ՛ուղղենք այս յուշարար փառաւորանքը «Հայր ամենակալ»-ին.

«Եւ զննելի բնութեամբ մարմնանալով Կոյսէն` Որդին հաճեցաւ բնակիլ մեր մէջ: Եւ իբր Աստուած` նոր ճարտարապետութեամբ` երկիրը վերածեց երկնքին»:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

Ձեզի ու մեզի մեծ աւետիս»:

Ամէն:

 

ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.

Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 

Պէյրութ, 25 դեկտեմբեր 2025