Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը մտնեն զարգացման նոր փուլ, յայտարարած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Հասան Շիյպանին չորեքշաբթի օր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ժամանակ։
Աւելի վաղ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարը եւ պաշտպանութեան նախարար Մուրհեֆ Ապու Քասրան Մոսկուայի մէջ հանդիպած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քննարկելու պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ ռազմավարական գործընկերութիւնը՝ սուրիական պետական SANA լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ։