Տարիներ շարունակ յորդորած ենք ՀՀ իշխանութիւններուն աջակցելու Միջին Արեւելքի հայութեան հայրենադարձութեան ինքնաբուխ մղումին:
Լիբանանի տասնեակ հազարանոց համայնքը, որ ամիսներ ի վեր կ'ապրի շարունակական աղէտի պայմաններու մէջ, երէկուընէ կանգնած է կատարեալ՝ ժողովրդային եւ հաստատութիւններու կործանման հանգրուանին: Լիբանահայութեանն այս պահէն կը սպառնան համաճարակը, սովը, անիշխանականութիւնը․․.:
Կոչ կ'ընենք ՀՀ նախագահին, վարչապետին եւ Կաթողիկոսներին, ժամ առաջ սկսելու լիբանանահայութեան մասսայական հայրենադարձութեան գործընթաց: Այս պահէն սկսեալ, անտարբերութիւնը, դանդաղկոտութիւնը, անգործունէութիւնը համազօր են յանցաւորութեան:
Լիբանանահայ հայրենադարձ գործարար, հասարակական գործիչ,
Սեւակ Արծրունի