Կը մնայ յուսալ, որ ՀԲԸՄ-ի վերին մարմինները, գլխաւորութեամբ Տիար Սէմ Սիմոնեանի, լաւապէս գիտակցին, թէ ինչպիսի ներուժ ունէր Մելգոնեանը ու պատրաստակամութիւն յայտնող Մելգոնեանցիներու հետ միասին ձեռք-ձեռքի տալով փնտռեն ու գտնեն լուծումներ, որ Նիկոսիոյսրտին վրայ գտնուող հայաշունչ օրրանը դարձեալ լայն բանայ իր դռները։Ուշագրաւ է անշուշտ, որ երկար տարիներ նորահաս սերունդներու «տուն»ն ու երդիքը հանդիսացած Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի շրջանաւարտները տարբեր տեսակի կապուածութիւն ունին միմեանց հանդէպ։
Աւանդութիւն, անցեալ, միասնաբար ապրած միասնաբար ապրումներ կիսած ըլլալն է հաւանաբար այն հիմնարար պատճառը, որուն շուրջ ալ հասակ առած, աճած ու յաջողութիւններու հասած են այն տղաքն ու աղջիկները, որոնք խմած են Մելգոնեանի ջուրէն ու ճաշակած այդ դարաւոր կրթական օճախի աղն ու հացը։
Եղա՞ծ են արդեօք անոնք ՀԲԸՄ-ի անդամներ, կամ ծառայա՞ծ են արդեօք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ամենատարբեր մարմիններու մէջ։ Կարեւոր է անշուշտ հարցադրումը, սակայն երբ խօսքը կը վերաբերի Մելգոնեան վարժարանին, ապա յստակօրէն կարելի է ըսել, որ այդ դպրոցի տուած ուժն ու եռանդը բոլորովին տարբեր են, ու բնաւ կարեւոր ու կենսական չէ, թէ այդ դպրոցը յաճախած ու անկէ շրջանաւարտ դարձած սաները, ուրկէ՞ կը սերին կամ ի՞նչ գաղափարի անդամներ, կամ ո՞ր միութեան նուիրեալներն են։
Կարեւորն այն է, որ Մելգոնեանցի են, եւ ուր ալ ըլլան, ուր ալ գտնուին, միասին պիտի ըլլան, միասին պիտի կիսեն հացն ու գինին եւ ի վերջոյ միասին պիտի փայփայեն այդ ապրումը։
Սոյն գրութեան պատճառները շատ կրնան ըլլալ՝ իրողապէս նկարագրելու համար Մելգոնեանի արժէքն ու Մելգոնեանցիներու արժանիքները, բայց եւ այնպէս այսօրուան այս գրառումը ամբողջապէս կը փոխառընչուի Մելգոնեանի երախտարժան սաներէն (ապա շրջանաւարտ) Տիար Ռաֆֆի Ցնծալեանին, որ օրերս վերյիշելով Մելգոնեանի իր դասընկերները, առիթ գտած էր քով քովի գալու այն բոլորին հետ, որոնց հետ տարիներ առաջ նոյն սեղանն ու հացը կիսած է։
Ցնծալեանի կողմէ կատարուած այդ վկայութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.
Ռաֆֆի Ցնծալեան.
«Գրեթէ 45 տարի (աւելի քան 50 տարի այն օրերէն, երբ աւարտեցինք Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը) անցած է այստեղ տեղադրուած առաջին լուսանկարի «պահ»էն...։ Մենք օրերս հրաշալի հանդիպում ունեցանք Միացեալ Թագաւորութիւնէն ԱՄՆ ժամանած մեր հրաշալի դասընկերներուն՝ Միհրանի և Հիլտայի հետ»։
Կը մնայ յուսալ, որ ՀԲԸՄ-ի վերին մարմինները, գլխաւորութեամբ Տիար Սէմ Սիմոնեանի, լաւապէս գիտակցին, թէ ինչպիսի ներուժ ունէր Մելգոնեանը ու պատրաստակամութիւն յայտնող Մելգոնեանցիներու հետ միասին ձեռք-ձեռքի տալով փնտռեն ու գտնեն լուծումներ, որ Նիկոսիոյսրտին վրայ գտնուող հայաշունչ օրրանը դարձեալ լայն բանայ իր դռները։