Հալէպի մէջ, 24 ապրիլին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցած է ծաղկեմատոյցի արարողութիւն, որմէ ետք եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ 159 հայորդիներ մասնակցած են «Արիւնդ Կեանք է Ուրիշին» խորագիրով արեան տուչութեան արարողութեան։
Այս բոլորի մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյցի արարողութիւն։
Արարողութեան մասնակցեցան` հայ երեք հոգեւոր պետերը, հալէպահայ կազմակերպոյթիւններու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը եւ Հիւպատոսութեան խորհրդականը, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեանց անդամներ, Սուրիոյ Հայ Դատի կեդրոնական յանձնախումբը, Հալէպի արեան տուչութեան պետական կեդրոնի տնօրէնը, «Ազատութեան Սուրիոյ Նախաձեռնութեան» անդամները, Together հաստատութեան եւ հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական, երիտասարդական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հանդիսավար Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան պաշտօնական հիւրերն ու միութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած երաժշտութեան եւ ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի ինչպէս նաեւ ՀԿՄ-ի տարազաւոր սկաուտներու ընկերակցութեամբ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղելու եւ նահատակներու յիշատակին առջեւ խոնարհելու։
110 տարիներ ետք, նահատակներու հոգիները կը սաւառնէին կարծէք Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ ու կը գօտեպնդէին հայն ու սուրիացին՝ ապրելու, արարելու եւ ձեռք-ձեռքի տալով շինարար դեր ունենալու աշխարհին ու իրենց հայրենիքին մէջ։
Ծաղկեմատոյցի աւարտին հանդիսավարը ներկաները հրաւիրեց եկեղեցւոյ ներքնասրահ՝ մասնակից դառնալու նոյն առիթով Հայ Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպած «Արիւնդ Կեանք է Ուրիշին» խորագիրով արեան տուչութեան արարողութեան, գործակցութեամբ Հալէպի արեան տուչութեան պետական կեդրոնին։
Սրահէն ներս արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժան Տաուլէ, որ ըսաւ․ «Այսօր, առ ի երախտագիտութիւն Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած մեր նախնիներուն նկատմամբ Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած մարդկային եւ եղբայրական մօտեցումին, կու գանք մեր արիւնը նուիրաբերելու Սուրիական Հայրենիքին, որ եղած է քաղաքակրթութիւններու այն օրրանը, ուր հայ ժողովուրդը եւս գոյութիւն հաստատած է ու պիտի շարունակէ ապրիլ ու արարել՝ մասնակից դառնալով ուժեղ եւ արդիական Սուրիոյ կերտումին»։
Հայերէն բացման խօսքով Լուսի Կրպոյեան-Նալպանտեան յայտնեց, որ 24 Ապրիլ 1915-ը անմոռանալի թուական մըն է իւրաքանչիւր հայու համար, որովհետեւ կը յիշեցնէ հայութեան բնաջնջման անմարդկային ծրագիրը։ Այս դաւադրութիւնը սակայն իր նպատակին չհասաւ, հայը վերապրեցաւ քաղաքակիրթ աշխարհներու մէջ, իսկ քանի մը տարի վերջ կերտեց իր անկախ պետութիւնը։ Ան յոյս յայտնեց, որ Թուրքիան եւս ճանչնայ ու դատապարտէ ցեղասպանութիւնը, ապա կոչ ուղղեց չյուսահատելու, այլ գործելու յանուն արդարութեան ու խաղաղութեան։
159 հայորդիներ իրենց արիւնը նուիրաբերեցին Սուրիոյ ժողովուրդին։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ սուրիական եւ հայաստանեան լրատուամիջոցներ, ինչպէս նաեւ «Գանձասար»ի եւ «Ռատիո Երազ»-ի թղթակիցները։