image

Մոնթրէալի մէջ. Բնիկ հալէպցի Անի Մարտիրոս՝ զոհ արկածի

Մոնթրէալի մէջ. Բնիկ հալէպցի Անի Մարտիրոս՝ զոհ արկածի

Մոնթրէալի մէջ ցաւալի մահով իր հարազատներէն առ յաւէտ բաժնուած է բնիկ Հալէպցի հայուհի՝ Անի Մարտիրոսը։

Բօթը «Արեւելք» ստացաւ մեր թերթի բարեկամ՝ Տիար Աւետիս Պագգալեանէն։

Նշենք, որ երկուշաբթի` 31 Մարտ 2025-ի վաղ առաւօտեան, 46-ամեայ Անի Մարտիրոս ծայրայեղ ծանր վիճակով տեղափոխուած է հիւանդանոց՝ Մոնթրէալի կեդրոնը վրաերթի ենթարկուելէն անմիջապէս ետք:

Մոնթրէալի ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ կէսգիշերին՝ մօտաւորապէս ժամը 02:15-ին, ստացած են բազմաթիւ 911 զանգեր, որ յայտնած են, թէ կին մը Crescent-ի եւ René-Lévesque պողոտայի անկիւնը վրաերթի ենթարկուած է։

Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանները անգիտակից վիճակի մէջ յայտնաբերած են կինը եւ առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերած, մինչ շտապ օգնութեան անձնակազմը անոր ծայրայեղ ծանր վիճակին մէջ տեղափոխած է հիւանդանոց, սակայն կեանքը չէ փրկուած։ Մոնթրէալի ոստիկանութիւնը հաստատած է Անիի անժամանակ մահը, որ խոր սուգի մատնած է հարազատները։

Նախնական քննութիւնը ցոյց տուած է, որ Անին հարաւային ճանապարհով կ՚անցնէր René-Lévesque պողոտան՝ Crescent թաղէն, երբ անոր վրաերթի ենթարկած ինքնաշարժը կ՚ուղղուէր դէպի արեւմուտք՝ René-Lévesque պողոտայ:

Ոստիկանութիւնը Երկուշաբթի առաւօտեան կ՚որոնէր վկաները, եւ տեղական հսկողութեան տեսախցիկները կը հետազօտուէին՝ պարզելու համար, թէ արդեօ՞ք անոնք կը կարենան տեղեկատուութիւն տրամադրել վթարի հանգամանքներու մասին:

Աւելի ուշ, ոստիկանութենէն յայտնած են, որ ինքնաշարժը վարող 24-ամեայ անձը չէ տուժած եւ դէպքի վայրը ձերբակալուած է վարորդական խանգարումներ կատարելու կասկածանքով։ Այնուհետեւ անոր տարած են շրջանի ոստիկանական բաժանմունք՝ ստուգելու համար, արդեօք թմրեցուցիչ նիւթեր օգտագործա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

 Անի Մարտիրոս (ծնեալ Հալէպ՝ 1979-ին) վերջին տարիներուն Սուրիոյ պատերազմի պատճառով գաղթած էր Գանատա։ 

Ան իր ուրախ եւ ջերմ բնաւորութեամբ եղած էր սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն: Վստահաբար բոլոր անոնք, որ ճանչցած են Անին, սաստիկ ցաւ կը զգան այս գոյժը իմանալով: 

Մեր խորին ցաւակցութիւնները Անիի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն։ 

Խունկ եւ մոմ հանգուցեալ Անիի յիշատակին:

Անի Մարտիրոսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ՝ 5 Ապրիլ 2025, ժամը 11-ին, Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: