Երկուշաբթի օր Թիֆլիսի մէջ մեկնարկած են ՆԱԹՕ-ի բազմազգ զօրավարժութիւնները, որուն կը մասնակցին նաեւ սպաներ Հայաստանէն։ Այս մասին յայտնած է Վրաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը՝ վկայակոչելով երկրի ՊՆ-ի հաղորդագրութիւնը։
Այս մասին հաղորդած է Ազատութիւնը։
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ վարժանքներուն կը մասնակցին 17 երկիրներու զինուորականներ, այդ շարքին՝ Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն, Թունիսէն։
«Զօրավարժութեան նպատակն է պատրաստել ջոկատի մակարդակով բազմազգ ստորաբաժանում՝ վրացական կողմի ղեկավարութեամբ՝ ծրագրման եւ ճգնաժամային գործողութիւններ իրականացնելով», -ըսուած է վրացական կողմի հաղորդագրութեան մէջ: