Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը պարզաբանումներ ներկայացուցած է բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու վերաբերեալ, ըստ որու «Քորոնա» ժահրային վարակի տարածումը զինուած ուժերու մէջ կանխելու նպատակով ծաւալուն բուժկանխարգելիչ աշխատանքներ իրականացուցած նք՝ ստեղծելով անհրաժեշտ պայմաններ, որպէսզի զինծառայողները զերծ մնան վարակէն: Նախարարը նշած է, որ այնուամենայնիւ, հնարաւոր չէ կանխել վարակի ներթափանցումը բանակ, քանի որ զինծառայողներու մէկ մեծ զանգուած ամենօրեայ շփման մէջ է քաղաքացիական բնակչութեան հետ:
25 Մարտին մարտական խնդիրներու մէջ չներգրաւուած զօրամասի երեք զինծառայողներէն կատարուաղ էր նմուշառում։ COVID-19 հետազօտման քննութեան արդիւնքով երեք զինծառայողներուն մօտ ախտորոշուած է «Քորոնա» ժահր։ Զինծառայողներէն մէկու ընտանիքի անդամի մօտ աւելի վաղ հաստատուած էր «Քորոնա» ժահրի առկայութիւն: Երեք զինծառայողի հաստատուած դէպքերը փոխկապակցուած են եւ կ'առնչուին երկրի մէջ գրանցուած առաջնակի դէպքերու օճախներէն մէկուն հետ: Ելլելով համաճարակաբանական հետազօտութիւններու տուեալներէն, նշուած զինծառայողները նախապէս եղած են մեկուսացուած, ինչը զգալիօրէն նուազեցուցած է վարակի յետագայ տարածման ռիսքերը։
Զինծառայողներն այժմ հիւանդանոց տեղափոխուած են, անոնց առողջական վիճակը բաւարար է, որեւէ մէկու մօտ թոքաբորբ չէ արձանագրուած։ Զինծառայողներէն մէկիուն մօտ առկայ է ջերմութեան թոյլ բարձրացում, իսկ երկուքը չունին ջերմութիւն եւ հիւանդութեան բնորոշ այլ ախտանիշներ: