Օրերս Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած է ակադեմական համագործակցութեան համաձայնութիւն ՝ Լիբանանի Սուրբ Խաչ Հարպոյեան հայ կաթողիկէ բարձրագոյն վարժարանին եւ Կիպրոսի ամերիկեան համալսարանին միջեւ:
«Արեւելք» ասոր մասին իմացաւ Պէյրութի Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Տիար Արամ Գարատաղլեանի կատարած գրառումէն։
Ստորեւ այդ մասին գրառումը՝
«Ուրբաթ, 25 Ապրիլ, 2025-ի առաւօտեան, Կիպրոսի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ներածական շրջայց մը տեղի ունեցաւ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան հայ կաթողիկէ բարձրագոյն վարժարանին եւ Կիպրոսի ամերիկեան համալսարանին միջեւ, ակադեմական համագործակցութեան խթանման յուշագրին ստորագրութեան առիթով:
Այս համաձայնագրով Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի շրջանաւարտները կը ստանան կրթաթոշակներ, 50% - 70% համալսարանականներուն եւ 40% - 50%՝ Կիպրոսի Ամերիկեան համալսարանի բարձրագոյն ուսման դիմողներուն համար:
Այցի աւարտին պատիւը ունեցայ համալսարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն տեղեկացնել Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման մասին, եւ այդ առթիւ ալ համալսարանի գրադարանին նուիրեցի արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով գիրքերու հաւաքածոյ մը, որոնք կ’անդրադառնան մեծ նուիրեալին կենսագրութեան եւ ժառանգութեան մասին:
Շնորհակալութիւնս եւ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ, իմ բարեկամիս, Պրն. Ֆրէտ Հեյքէլին՝ ընդունելութեան եւ առեւտրական բաժնի տնօրէնին, իր ջերմ ընդունելութեան եւ մտերիմ զրոյցին համար»։