image

Դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեանը բերման ենթարկուած է

Դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեանը բերման ենթարկուած է

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեանը բերման ենթարկուած է:

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ «Հակակոռուպցիոն կոմիտէ»ն քննչական գործողութիւններ իրականացուցած է, Կոմիտէի կողմէ քննուող վարոյթի շրջածիրէն ներս: Այս մասին յայտնած է «Հակակոռուպցիոն կոմիտէ»ի նախագահի մամուլի քարտուղար Մարինա Օհանջանեանը:

«Հետք»-ը յայտնած է, որ այսօր՝ ապրիլ 29-ին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի Շէնգաւիթ նստավայրին մէջ կ՚ընթանար 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ գործերէն մէկը, որ կը նախագահէր դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեանը։

Գործով հանրային մեղադրող Վազգէն Վարդանեանը խնդրած է նիստն ընդմիջել 10 վայրկեանով, քանի որ շատ կարեւոր զանգ ստացած է։ Ընդմիջման ժամանակ աղմուկ եւ իրարանցում սկսած է դատարանի միջանցքին մէջ։ Քանի մը վայրկեան անց նիստերու քարտուղարը յայտարարած է՝ նիստն անորոշ ժամանակով յետաձգուած է։

Նիստին ներկայ զոհուածներու ծնողները, որոնք գործով տուժողներ են, ըսած են, որ տեսած են՝ ինչպէս դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեանը կը տանին։