image

Թրքական մամուլին մէջ հրապարակումներ Հայաստանի՝ «Սիլիքոնեան հովիտ» դառնալու ձգտումներուն մասին

Թրքական մամուլին մէջ հրապարակումներ  Հայաստանի՝ «Սիլիքոնեան հովիտ» դառնալու ձգտումներուն մասին

Թրքական մամուլը հրապարակած է յօդուած, որուն մէջ անդրադարձած է Հայաստանի արհեստագիտական ոլորտի զարգացման՝ վերլուծելով երկրի ապագայ տնտեսական քաղաքականութեան ուղղութիւնները:

Գրած է ermenihaber.am-ը:

Յօդուածին մէջ, որ ըստ էութեան BBC-ի կովկասեան թղթակից Ռայհան Տեմիթրիի նիւթի վերատպութիւնն է, նշուած է, որ Հայաստանը՝ որպէս Հարաւային Կովկասի ամենաքիչ բնակչութիւն ունեցող երկիր, աշխուժօրէն կը փնտռէ տնտեսական զարգացման նոր մոտել:

Թրքական մամուլը յատուկ ընդգծած է, որ 2020-ի պատերազմէն ետք Հայաստանը կը փորձէ միաժամանակ հաւասարակշռել Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները՝ ապահովելով իր անվտանգութիւնը եւ զուգահեռաբար զարգացնել արհեստագիտական ոլորտը:

Մանրամասն անդրադարձ կատարուած է 2014-ին մեկնարկած «Արմաթ» կրթական ծրագրին, որու շրջածիրէն ներս երեխաները դեռ տարրական դպրոցէն կը սկսին ուսումնասիրել ծրագրաւորում, քոտաւորում, ռոպոթաշինութիւն եւ եռաչափ ձեւաւորում: Ներկայիս երկրին մէջ կը գործէ 650 «Արմաթ» տարրալուծարան:

Թրքական մամուլը մէջբերած է Հայաստանի Բարձր արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (UATE) գլխաւոր տնօրէն Սարգիս Կարապետեանի խօսքը. «Մենք կ՚ուզենք Հայաստանը դարձնել արհեստագիտական կեդրոն, որ կը ներկայացնէ աշխարհին մեծագոյն արժէքներ»:

Յօդուածին մէջ յատուկ ընդգծուած է, որ Հայաստանի մէջ արհեստագիտական ընկերութիւններու թիւը հասած է 4000-ի, իսկ «Արմաթ» ծրագիրը երկրի ամենայաջողած պետական-մասնաւոր համագործակցութեան օրինակն է:

Թրքական մամուլն անդրադարձած է նաեւ այն փաստին, որ Հայաստանը, չունենալով հարուստ բնական միջոցներ եւ ունենալով բարդ յարաբերութիւններ հարեւան երկիրներու հետ, կը փորձէ կառուցել իր ապագան՝ զարգացնելով խորհրդային ժամանակաշրջանէն մնացած ուսողութեան եւ համակարգչային գիտութիւններու ոլորտի մէջ ունեցած յաջողութիւնները:

Յօդուածը նաեւ կը յիշատակէ 2011-ին Հայաստանի մէջ ստեղծուած «Picsart» ընկերութեան յաջողութեան պատմութիւնը, որ ներկայիս կը գնահատուի 1.5 միլիառ տոլար, եւ նշած է, որ աշխարհասփիւռ հայ համայնքը կ՚օգնէ ստեղծել միջազգային կապեր արհեստագիտական ոլորտի մէջ:

«INDEPENDENT Türkçe» լրատուամիջոցի խմբագրութիւնը նշած է, որ վերլուծական այս յօդուածը կ՚արտացոլէ տնտեսական զարգացման այն մոտելը, որ Հայաստանը կը փորձէ որդեգրել եւ դառնալ արհեստագիտական առաջատար տարածաշրջանին մէջ: