Լիբանանահայ երիտասարդ Վիգէն Սագարեան ծանր պատահարի զոհ գացած է։
Տխուր պատահարին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Մեր ունեցած տուեալները կիրակի ուշ երեկոյեան ժամերուն Վիգէն վար ինկած է իրենց ընտանեկան բնակարանի տանիքէն ու տեղւոյն վրայ մահացած։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է ծննդավայր Այնճարի մէջ։ Ան 44 տարեկան էր։
Յիշեցնենք, որ Վիգէն կրտսեր որդին է Այնճարի մէջ լայն ճանաչում ունեցող եւ է վերելակագործութեան մէջ երկար ճանապարհ կտրած՝ Արտաշէս (Արտաշ անունով յայտնի) Սագարեանին։
Խորին ցաւակցութիւններ։