Պոլսէն հասած լուրերը միշտ ալ խանդավառութիւն կը բերեն իրենց հետ։
Այս անգամ լուրը կապ ունի հայաշխարհի երգարուեստի նուիրեալ անուններէն՝ Մարալ Այվազին հետ, որուն որդին՝ Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն օրերս ընտրուած է մշակոյթի Միմար Սինան երաժշտանոցի երիտասարդական սէնֆոնիք նուագախումբի մենակատար- դաշնակահար փայլուն մասնակցութիւն բերած է նշուած խումբի համերգին։
«Արեւելք» եղելութեան մասին իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ լրատւութիւնը՝
Համայնքիս խոստմնալից երիտասարդներէն Պարէտ Չաղլըչուպուքճու 18 Ապրիլ Ուրբաթ գիշեր, Պէշիկթաշի «Սիւլէյման Սէպա» մշակոյթի կեդրոնի մէջ բեմ ելաւ Միմար Սինան երաժշտանոցի երիտասարդական սէնֆոնիք նուագախումբի հետ եւ հրաշալի կատարողականութեամբ մը հնչեցուց Ֆ. Մենտելսոնի դաշնակի առաջին համանուագը (քոնչէրթոն)։
Իր սիրասուն մայրը, մեր սիրելի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուն, Դիմատետր-ի իր էջին վրայ բաժնելով որդւոյն մենակատարութիւնը «սիրէ» կը պատգամէր Պարէտին։ «Շատ սիրէ զաւակս» կը գրէր, յորդորելով որ որդին սիրէ արուեստը, սիրէ մարդիկը, վազէ երազանքներու ետեւէն, լա՛ւը տես, սիրէ շուրջիններդ եւ սիրուիր անոնց կողմէ։
Թէեւ ներկայ չէինք համերգին, բայց Մարալի սրտախօսիկ տողերը, նաեւ տեսանիւթը կը փաստէին որ Պարէտը հաստատուն քայլերով կը յառաջանայ ու կը զարգացնէ իր տաղանդը։ Արդէն մեծ յաջողութիւն է որ երաժշտանոցի դատակազմը զի՛նքը ընտրած էր որպէս մենակատար, արժանի տեսնելով բեմելը՝ երիտասարդական նուագախումբի հետ։ Աշխատելու կամք եւ կորով. ասոնց հանրագումարը Պարէտի հրաշալի կատարումն է, մատներու խաղը՝ ստեղնաշարի վրայ եւ ծնողքին արդար հպարտութիւնը։
Կը շնորհաւորենք Պարէտն ու իր ծնողքը՝ Մարալն ու Կարպիսը, կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ սիրելի Պարէտին, վստահ ենք որ ան մօտ ատենէն նոր անակնկալներով թէ՛ ուրախութիւն պիտի պատճառէ, թէ՛ հպարտութիւն։