image

Այնճարի առաջին սերունդի նուիրեալ ներկայացուցիչներէն՝ Փանոս Ֆէսլեանի կորուստը

Այնճարի առաջին սերունդի նուիրեալ ներկայացուցիչներէն՝  Փանոս  Ֆէսլեանի  կորուստը

 «Արեւելք» (Այնճար) Լիբանանէն տխուր լուր ստացանք:

Օրերս իր մահկանացուն կնքած է  Այնճարի շրջանակներուն մէջ սիրուած, ծառայասէր, ազգասէր եւ ուղղամիտ Փանոս Արամ Ֆէսլեանը:

Հանգուցեալը ծնած է 1946-ին Այնճար, Հայաստան ներգաղթի օրերուն եւ կնքահայրը փափաքած է մանուկը կնքուի  նախքան իր ներգաղթը: Ան Այնճարի առաջին սերունդին պատկանելով ապրած է գիւղին առաջին տարիներուն տառապանքները, կրած բոլոր դժուարութիւնները  եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին  աշխատասիրութեամբ պայքարած է կերտելու եւ բարւոք կեանք մը շնորհելու իր ընտանիքին:

Այնճարի հայրենաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած Փանոս Ֆէսլեան մանուկ հասակէն սնած է ազգային ոգիով եւ Մուսա Լերեան շունչով:

Ան իր ուսումը ստացած է Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանէն ներս եւ ապա փոխադրուած Պէյրութ եւ աշխատած  “Carrier” ընկերութեան մէջ որպէս հմուտ արհեստաւոր մինչեւ 1977, որմէ ետք  սկսած է իր անձնական գործերուն եւ աշխատած Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւ միշտ եղած  փնտռուած արհեստաւոր:

Ամուսնացած է Վեհանուշ Չաքլեանի հետ եւ օրհնուած երկու դուստրերով՝ Ազատուհի եւ Փաթիլ: 

Փանոս Ֆէսլեան եղած է եկեղեցասէր, եւ միշտ իր ներդրումը բերած «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ  ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին:

Ան շարունակած է մինչեւ վերջին օր իր օգնութիւնը չխնայել իր շրջապատին: Եղած է ազգասէր, հայասէր եւ մանաւանդ Այնճարասէր: Յատուկ կապուածութիւն մը ունէր իր գիւղին հետ եւ կը փորձէր ամէն շաբաթավերջի  Այնճար գտնուիլ, որովհետեւ Այնճարը իրեն համար ամէն բան էր:

Այս տխուր առիթով մեր ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն: 

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի  Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի Ազգային Գերեզմանատունը:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: