Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ հալէպցի Զոհրապ Օհանեան։
«Արեւելք» բօթը ստացաւ հարազատներէն։
Նշենք, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը պիտի կատարուին Երեւանի Գոնդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ (Հոգեհանգիստը հինգշաբթի օր, իսկ թաղումը ուրբաթ օր)։
Ստորեւ մեր ընթեցողներուն կը ներկայացնենք հանգուցեալի մասին խմբագրութեանս ուղարկուած մահագրութիւնը։
Զոհրապ Օհանեան, ծնած է Հալէպ 1943-ին։ Արմատներով Խարբերդցի ընտանիքի երկրորդ զաւակը։ Աւարտած է Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանը։ Պատանի տարիքին մաս կազմած է ՀՄՄ-ի ֆութպոլի պատանեկան խումբին։ Եղած է ձուլագործ, ստեղծած իր սեփական ձուլարանը։
Ամուսնացած է Մարիժան Չեմպերճեանի հետ, որուն կորուստը 2018-ին խոր վիշտ եւ անդառնալի ազդեցութիւն ունեցան հանգուցեալի առողջականին վրայ։
Եղած է ժրաջան միութենական. իր կողակցին հետ անդամակցած եւ տարիներ շարունակ ծառայած Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան շարքերէն ներս։ Ունի երեք զաւակներ՝ Արտա, Թամար եւ Յակոբ։ Սուրիոյ պատերազմի բերումով ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հայաստան եւ հաստատուած է Երեւանի մէջ։
Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի պարագաներուն եւ ազգականներուն եւ յատկապէս Տիար Գաբրիէլ Չեմպերճեանին։