image

Մեծ վթար Գիւմրիի մէջ. կայ 4 վիրաւոր եւ 1 զոհ

Մեծ վթար Գիւմրիի մէջ. կայ 4 վիրաւոր եւ 1 զոհ

Ապրիլ 29-ին՝ ժամը 10:00-ի սահմաններուն, Գիւմրի քաղաքի Գարեգին Նժդեհի փողոցին վրայ՝ ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Շիրակի մարզային քրէական վարչութեան խաչմերուկին մօտ, բախած են «Կամազ», «Մերսետես», «Ֆորտ Թրանզիթ», «Օփել» եւ «ԿԱԶ 3110» մակնիշի մեքենաները:

Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, վթարի հետեւանքով «Կամազ»-ը, որ հաշուառուած է ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Գիւմրիի հրշէջ-փրկարարական ջոկատի հաշուեկշռին մէջ, կողաշրջած է: Վթարի հետեւանքով 5 հոգի տեղափոխուած է հիւանդանոց:

Մինչ դէպքի վայրին մէջ կ՚աշխատէր քննչական խումբը, հիւանդանոցէն ահազանգ ստացուած է, որ վիրաւորներէն 1-ը, գիտակցութեան չգալով, մահացած է: Վերջինս Շիրակի մարզի բնակիչ 34-ամեայ Յարութիւն Զ.-ն է:

Վթարի փաստով Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, ուր ալ պարզուած է վարորդների եւ վիրաւորներու ինքնութիւնը:

Ինչպէս յայտնած է առողջապահութեան նախարարութիւնը, Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած խոշոր վթարի հետեւանքով տուժած եւ հիւանդանոց տեղափոխուած է 5 քաղաքացի:

«Վիրաւորներից 4-ի առողջական վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան, որոնցից մէկը երեխայ է՝ բազմակի կոտրուածքներով: Ցաւօք, 1-ի կեանքը փրկել չի յաջողուել»,- յայտնած է գերատեսչութիւնը։