Հունահայոց Թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Խորեն Եպս. Առաքելեան, Աթէնքի Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս՝ Գերաշնորհ Տ. Թէոդորոս Կոնթիտէսի հրաւէրով, մասնակցեցաւ Հռոմի երջանկայիշատակ Պապ Ֆրանցիսկոսի հոգու հանգստութեան համար մատուցուած սուրբ Պատարագին:
Սուրբ Պատարագը կատարուեցաւ Աթէնքի Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ՝ ներկայութեամբ Հունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիար Նիկոս Դենտիասի, Հունաստանի նախկին նախագահ Տիար Փրոկոպիս Փաւլոփուլոսի, քրիստոնէական քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներու, ինչպէս նաեւ՝ Աթէնքում ներկայացուած դիւանագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու:
Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը մօտեցաւ սգոյ մատեանին եւ յուշագրութիւն կատարեց՝ արտայայտելով իր սրտաբուխ ցաւակցութիւնները եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով իր խորին յարգանքն ու երախտագիտութիւնը՝ Ֆրանցիսկոս Պապին ապրած բարեպաշտ կեանքին եւ մարդասիրական առաքելութեան համար։