image

Հնդկաստանի բանակի ներխուժումը Փաքիստան «անխուսափելի է»․ Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար

Հնդկաստանի բանակի ներխուժումը Փաքիստան «անխուսափելի է»․ Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար

Հնդկաստանի բանակի ներխուժումը Փաքիստան «անխուսափելի է», այս մասին Reuters-ին ըսած է Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խավաճա Ասիֆը։

«Մենք զօրացուցած ենք մեր ուժերը, քանի որ այդ [ներխուժումն] այժմ անխուսափելի է։ Նման իրավիճակի մէջ պէտք է կայացուին ռազմավարական որոշումներ, եւ ատոնք արդէն կայացուած են», –ըսած է Ասիֆը։

Խավաճա Ասիֆը նշած է, որ Հնդկաստանի հռետորաբանութիւնը կը կոշտանայ, եւ որ Փաքիստանի զինուորականները կառավարութեան տեղեկացուցած են յարձակման հնարաւորութեան մասին։ Փաքիստանի իշխանութիւնները, անոր խօսքով, կապի մէջ են նաեւ Չինաստանի, Պարսից ծոցի երկիրներու, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ։

Ասիֆը չէ մանրամասնած, թէ ինչու կը կարծէ, որ ներխուժումն անխուսափելի է, կամ արդեօք, ըստ անոր, այն պիտի ըլլայ լիարժէք, թէ սահմանափակ։

Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ իրավիճակը լարուեցաւ, երբ ապրիլ 22-ին Հնդկաստանի Ճամմու եւ Քաշմիր նահանգի Պահալկամ զբօսաշրջային քաղաքին մէջ զինուած անձինք սպանեցին 26 մարդ: Փաքիստանի կողմէ կառավարուող Քաշմիրի մէջ տեղակայուած ճիհատիստական ​​​​խմբաւորումը ստանձնեց յարձակման պատասխանատւութիւնը:

Հնդկաստանի իշխանութիւնները յստակեցուցած են, որ Փաքիստանը առնուազն մասամբ պատասխանատու կը համարեն յարձակման համար: Հնդկաստանը փակած է Փաքիստանի հետ սահմանը եւ հրամայած է փաքիստանցիներուն լքել իր տարածքը: Ե՛ւ Փաքիստանը, ե՛ւ Հնդկաստանը ունին միջուկային զէնք: Խավաճա Ասիֆը յայտարարած է, որ Փաքիստանը ատոնք պիտի օգտագործէ միայն այն պարագային, եթէ «իրենց գոյութեան ուղղակի սպառնալիք» ըլլայ։