Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Քուէյթ ծնեալ Հրանդ Զուլալեան:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:Հրանդ Զուլալեան ծնած է Քուէյթ 9 օգոստոս, 1965-ին, մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ծննդավային մէջ անցնելէ ետք, 18 տարեկան հասակին սուրիահայ ծնողքին հետ փոխադրուած է Հալէպ: Եղած է մէկ հատիկ եղբայրը 4 քոյրերու:
Ան յայտնի էր իր աշխատասիրութեամբ, բարեսիրութեամբ եւ պարկեշտութեամբ: Ամուսնացած է Վիքի Շազողլեանին հետ եւ ունեցած երկու դուստր եւ երկու մանչ զաւակ: Երկար տարիներ աշխատած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ ջուր զտելու մասնագիտական ոլորտին մէջ։
2011 Թուականին սկիբ առած Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով հանգուցեալի ընտանիքը, որ Հալէպ կ'ապրէր, փոխադրուած է Հայաստան: Հրանդ վերջ տալով Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր գործին, եկած է ու միացած ընտանիքին հայրենիքին մէջ: Որոշած են հաստատուիլ հայրենիք եւ ոչինչէն կրկին սկսած են կառուցել նոր կեանք: Շատ աշխատասէր ըլլալով ապահոված է լաւ աշխատանք ընկերութեան մը մէջ եւ կրցած է բարեկեցիկ կեանք պարգեւել իր ընտանիքին:
Փետրուար 2025ի կէսերուն, վարակուած է ծանր կրիփով, կինը զգալով որ վիճակը կը վատանայ զինք փոխադրած է հիւանդանոց, ուր հարկ եղած բշկական քննութիւններէն ետք ի յայտ եկած է ծանր աստիճանի արեան քաղցկեղ, նաեւ յառաջացած է երիկամներու սուր անբաւարարութիւն:
Հանգուցեալի տիկինը՝ Վիքի կը պատմէ.- «Ուղղակի անակնկալ էր, իրադարձութիւնները այնքան արագ զարգացան: Ան առողջ մարդ էր եւ գանգատներ չունէր, ան չէր հաւատար դեղորայքի եւ երբեք ալ չէր գործածեր, համոզումի տէր մարդ էր, որ ինք իր մարմնի բժիշկն է եւ այնպէս ալ ինքզինքը առողջ պահած էր: Վերակենդանցման բաժին մնաց եւ 15 օրուան ընթացքին չարաբաստիկ մահը խլեց զինք մեզմէ: Ան ամսուն 2-ին իր աչքերը փակեց յաւերժին եւ հեռացաւ մեզմէ: Աստծոյ կամքը մեզմէ զօրաւոր է»:
«Արեւելք» ցաւակցութիւներ կը յայտնէ Հրանդ Զուլալեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն:
Աստուած հոգին լուսաւորէ: