Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ հերքած է շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնները, թէ Անգարան Փաքիստան ուղարկած է զէնք-զինամթերքով բեռնուած 6 օդանաւ։
Այս մասին գրած է ermenihaber.am-ը:
Նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն՝ Թուրքիայէն մեկնած միայն մէկ բեռնատար օդանաւ վայրէջք կատարած է Փաքիստանի մէջ, այն ալ՝ վառելիքի լիցքաւորման նպատակով, որմէ ետք շարունակած է իր թռիչքը սահմանուած երթուղիով:
Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի ռազմական համագործակցութեան խորացման մասին բազմատեսակ տեղեկութիւններ կը շրջանառուին, սակայն երկու երկիրներու պաշտօնական աղբիւրները ատոնց մեծ մասը կը հերքեն: