image

Հալէպ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու այցը՝ Ազգային Առաջնորդարան 

Հալէպ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու այցը՝ Ազգային Առաջնորդարան 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունած է այցելութիւնը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն։

Այս բոլորի մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ լրատւութիւնը՝

Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն։

Թաղականութեան ատենապետ տիար Խաչիկ Սասունեան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ բարօրութեան ի նպաստ տարուող գործունէութեան։ Ան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք եկեղեցւոյ ընտանիքի ներքին ձեռնարկին։

Սրբազան Հայրը, իր կարգին, մեծապէս գնահատեց եկեղեցւոյ պայծառութեան ի խնդիր թաղական խորհուրդին աչալուրջ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։