image

Իսրայէլեան «թաքուն» մասնակցութիւն Ղարաբաղի պատերազմին. «Ալ Շարք»

Իսրայէլեան «թաքուն» մասնակցութիւն Ղարաբաղի պատերազմին. «Ալ Շարք»

Լիբանանեան «Ալ Շարք»ը կը գրէ.

Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հակամարտութեան շուրջ Իսրայէլի լռութեան եւ թաքուն ներկայութեան առումով, իսրայէլեան իշխանութիւննեը կարծես թէ շփոթմունքի մէջ են Հայաստանի մուրճին եւ Ատրպէյճանի սալին միջեւ:

Այս բոլորը հետեւանք են տարածուող այն լուրերուն, ըստ որոնց Պաքուի ոյժերը իսրայէլական զէնքեր կ'օգտագործեն:

Հայաստանը Թէլ Ապիպի մէջ իր դեսպանը ետ կանչած է՝ խորհրդակցութիւններու համար, ի նշան բողոքի՝ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զինամթերք եւ անօդաչու սարքեր մատակարարելուն:

Այս դէպքը տեղի կ'ունենայ այն բանէն ետք, երբ վերջին օրերուն ըստ «Եատոհոթ ահրոնոթ» կայքին հրապարակած լուրին, ատրպէյճանական բեռանատար ինքնաթիռներ Իսրայէլ ժամանած են, վայրէջք կատարած են Օֆտա ռազմաօդային ոյժերու կեդրոնին մէջ, ապա վերադարձած են Ատրպէյճան՝ զէնքերով եւ ռազմական գործիքներով բեռցուած:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Նախագահին քաղաքական խորհրդական՝ Հիքմաթ Հաճաեւը, իսրայէլական «Ուալա» կայքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին խոստովանած է, որ ատրպէյճանական բանակը իսրայէլական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքեր եւ պայթուցիկ սարքեր կ'օգտագործէ Ղարաբաղի տարածքին մէջ հայկական ոյժերուն հետ շարունակուող մարտերու ընթացքին: