image
Հրատապ լուրեր:

Քննիչը շարք մը մանրամասնութիւններ յայտնած է Մերձաւանի մէջ տեղի ունեցած յանցագործութեան մասին

Քննիչը շարք մը մանրամասնութիւններ յայտնած է Մերձաւանի մէջ տեղի ունեցած յանցագործութեան մասին

Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան ընդհանուր վարչութեան մարդու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու քննութեան վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննիչ Արտակ Յովհաննիսեանը  Հանրային հեռուստատեսութեան շարք մը մանրամասնութիւններ յայտնած է Մերձաւանի մէջ տեղի ունեցած յանցագործութեան մասին:

 

«Անմիջապէս ձեռնարկուել են անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ ապացուցողական եւ վարութային բոլոր գործողութիւնները, կատարուել է դէպքի վայրի զննութիւն, որի ժամանակ յայտնաբերուել են արնանման նիւթի հետքեր, դրանցից կատարուել են նմուշառումներ: Յայտնաբերուել են կրակուած պարկուճներ, 18 հատ, որոնք եւս վերցուել եւ առգրաւուել են.... Յանցագործութեան վայրի զննութեամբ պարզուել է տեսախցիկների առկայութիւնը, որոնցից ստացուած կադրերը առգրաւուել եւ բռնագրաւուել են»,- ըսած է քննիչը:

Արտակ Յովհաննիսեանը նաեւ ընդգծած է՝ տեսանկարահանող սարքերը տեսագրած են դէպքը. «Հենց դրա հիման վրայ էլ նշեցի, որ դիմակաւորուած անձն է ինքնաձիգով կրակահերթ արձակել: Այդ ամէնը հենց տեսանկարահանող սարքերի ուսումնասիրութեան, զննութեան արդիւնքում են վեր հանուել եւ ի յայտ եկել»:

«Դիմակաւորուած անձի՝ ավտոմեքենայով մօտենալու փաստ չունենք արձանագրուած: Հենց նոյն տեսանկարահանող սարքերով երեւում է, որ ոտքով վազելով է մօտենում եւ կրակահերթ արձակում անձանց ուղղութեամբ»,- ըսած է ան:

Յանցագործութիւնը ենթադրեալ կատարած դիմակաւոր անձի ինքնութիւնը դեռ յայտնի չէ:

Արտակ Յովհաննիսեանը նաեւ տեղեկացուցած է, որ, ըստ տեսանկարահանող սարքերու տեսագրութիւններու, Փարաքար համայնքի ղեկավարը, ոստիկանութեան ծառայող Կարէն Աբրահամեանը եւ անոնց հետ գտնուող Արծրուն Գալստեանը բնակելի հատուածէն դուրս եկած են ու անմիջապէս դարպասի դիմաց կանգնած են, քանի մը վայրկեան զրուցած են, որմէ ետք տեղի ունեցած է դէպքը:

«Կը նշէի, որ բնակելի տունը կառուցման, վերանորոգման փուլում է եւ բնակելի չէ»,-ըսած է ան:

Ան նշած է, որ վիրաւորի վիճակը կայուն ծանր է եւ դեռ  ի վիճակի չէ ցուցմունք տալու: Վկաները արդէն հարցաքննուած են: