image

Աշխարհն այլեւս չի մօտենար երրորդ համաշխարհային պատերազմին․ Թրամփ

Աշխարհն այլեւս չի մօտենար երրորդ համաշխարհային պատերազմին․ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ մոլորակը այլեւս չի շարժիր դէպի երրորդ համաշխարհային պատերազմ։ Այս մասին ան ըսած է ամերիկացի լրագրող Մարք Լեւինին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

Խօսելով Ուքրանիոյ հակամարտութեան մասին՝ ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի օրօք իրավիճակը միայն վատացած է։

«Ես կը կարծեմ, որ գործը կ՚երթար դէպի երրորդ համաշխարհային պատերազմ, բայց հիմա անիկա այլեւս պիտի չըլլայ։ Ահա՛ լաւ լուրը։ Դուք այլեւս պէտք չունիք անհանգստանալու այդ հարցով», — ըսած է ան։

«Տեսնենք, թէ ինչպէս պիտի զարգանայ կարգաւորման գործընթացը։ Բայց անիկա կ՚երթար դէպի երրորդ համաշխարհային պատերազմ։ Ասիկա ամենասարսափելին է, որ պատահած է ռազմական հակամարտութիւններու տեսանկիւնէն։ Ասոնք ամենամեծ թիւերն են, որ մենք տեսած ենք Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ի վեր», — աւելցուցած է Թրամփը։