image

Փաշինեան եւ Ալիեւ հրաւիրուած են Շանկհայի գագաթնաժողովին. Փաշինեան հաստատած է իր մասնակցութիւնը

Փաշինեան եւ Ալիեւ հրաւիրուած  են Շանկհայի գագաթնաժողովին. Փաշինեան հաստատած է իր մասնակցութիւնը

Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 31-էն սեպտեմբեր 1-ը Չինաստանի Թեանցզին քաղաքին մէջ: Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Լիւ Պինը:

Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր ստացած են Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը:

Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 20 օտարերկրեայ պետութիւններու ղեկավարներ եւ 10 միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Միջոցառման հրաւիրուած են Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Ուզպեքստանի, Հայաստանի, Հնդկաստանի ղեկավարներ:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մասնակցի Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին: Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը։